Մէկ ժայռէ Կերտուած Գեղարդի Վանքը

Գեղարդի վանքը Հայաստանի հնագոյն վանքերէն է։ Անիկա ճանչցուած է ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան մաս եւ Հայաստանի տեսարժան վայրերէն մէկը։

Գեղարդի վանքը կառուցուած է նախաքրիստոնեական շրջանին իբրեւ սրբատեղի ընդունուած վայրի մը մէջ` սրբացուած աղբիւրներու պատճառով։ Այդ աղբիւրներէն մէկը այսօր ալ կը պահպանուի վանքի գլխաւոր գաւիթին մէջ։

Հայաստանի մէջ քրիստոնեութիւնը պետական կրօն հռչակելու առաջին տարիներուն հիմուած է վանք մը, որ կոչուած է Այրիվանք կամ Քարայրներու վանք։

Թէեւ վանքի տարածքին պահպանուած արձանագրութիւնները կը վերաբերին 1160-ականներուն, Այրիվանքի ներկայ համալիրը կը համարուի 13-րդ դարու կառոյց։

13-րդ դարու վերջը Գեղարդավանքը կը գտնուէր իշխանական ընտանիքներու ուշադրութեան տակ։ Կարևոր է, որ այստեղ կը պահուի Սուրբ Գեղարդը` այն նուիրական նիզակը, որմով հռոմէացի հարիւրապետը խոցած է խաչուած Քրիստոսի կողը ( Նոր Կտակարան)։ Այդ պատճառով է, որ Այրիվանքը անուանուած է նաեւ Գեղարդավանք։ Ըստ աւանդութեան Գեղարդի վանքին մէջ կը պահուի այլ մասունք մը եւս` բեկոր մը Նոյեան տապանէն։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...