
Մովսէս Խորենացի գրող-պատմիչ, մեկնիչ, բանաստեղծ, թարգմանիչ, իմաստասէր, աստուածաբան,
կը համարուի հայ միջնադարեան պատմագրութեան ամենակարեւոր դէմքը՝ Պատմահայրը։ Անոր
«Պատմութիւն Հայոց» աշխատութիւնը եղած է ազգային ինքնաճանաչման, քաղաքական-հայրենասիրական դաստիարակութեան ուսումնական ձեռնարկ։ Հայ սերունդները ակնածանքով ու երախտագիտութեամբ
կը յիշեն Խորենացին, զինք անուանած են «Պատմահայր», «Մեծն Մովսէս», «Քերթողահայր», «Տիեզերահռչակեալ» եւ այլ պատուանուններով։
Խորենացիի մասին կենսագրական տեղեկութիւնները քիչ են։ Ան ծնած է 5-րդ դարու սկիզբը՝ մօտ
410-415 թթ., ենթադրաբար՝ Տարօն գաւառի Խորնի կամ Խորոն գիւղը, մէկ այլ վարկածով՝ Սիւնիքի
Հաբանդ գաւառի Խորեա(ն) գիւղը։ Ենթադրուած է, որ 15-16 տարեկան հասակին, այսինքն մօտ 427 թ.,
ան ուղարկուած է Վաղարշապատ։ Վաղարշապատի դպրոցը ան եղած է Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի կրտսեր աշակերտներէն։ Այստեղ ան ուսած է 5-6 տարի՝ բացի հայերէնէն սորված է նաեւ
յունարէն եւ ասորերէն։
431 թ.-էն յետոյ ուսուցիչները զինք այլ աշակերտներու հետ ուղարկած են Եգիպտոսի Ալեքսանտրիա
քաղաքը՝ «իսկական ճեմարանի մէջ կատարելագործուելու»։ Ան իւրացուցած է փիլիսոփայութիւն,
քերթողական արուեստ, երաժշտութիւն, ճարտասանութիւն, աստուածաբանութիւն, պատմութիւն։
Այստեղ մօտ 5-6 տարի ուսանելէն յետոյ Խորենացին եւ իր ընկերները կը վերադառնան եւ կ’ուղղուին դէպի Յունաստան։ Սակայն ծովային սաստիկ քամիները անոնց նաւը կը քշէ դէպի Իտալիոյ ափերը։
Օգտուելով առիթէն՝ հայ երիտասարդները կ’այցելեն Հռոմի սրբավայրերը, այնուհետեւ կը մեկնին Աթէնք։
Ձմեռը հոն անցնելէ ետք գարնան կը վերադառնան Հայաստան Սահակ Պարթեւի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի
մահուընէ ետք, այսինքն 440 թ։
Չնայած իրեն նկատմամբ եղած հալածանքին եւ անտարբերութեան՝ Խորենացին եռանդուն կերպով կը
զբաղի գրական աշխատանքով. կը կատարէ թարգմանութիւններ, կը գրէ ինքնուրոյն երկեր։ Նոյնիսկ
ծերութեան տարիներուն պատմահայրը գնահատուած եւ արժանացած է մեծարանքի, ստացած է եպիսկոպոսական աստիճան։
Ան ապրած է զրկանքներով լեցուն կեանք մը՝ վախճանուելով, ենթադրաբար, 490-ական թուականներու
սկիզբին հիւանդութեան ու աղքատութեան մէջ։
