Յիսուս մանուկը= Յիսուսն է
Յովսէփն ու Մարիամը= Մարդոց խորհրդանիշն են (այր եւ կին)
Հովիւները=Աղքատ, խոնարհ ու պարզ ժողովուրդն են
Մոգերը= Ուսեալ եւ հարուստ մարդիկ են, որոնց գիտցածն ու ունեցածը արժէք պիտի չունենային եթէ անոնք Յիսուսին նուէրներ չմատուցէին։
Կենդանիները= Աստուծոյ ստեղծագործութեան խորհուրդն են, որ իրենց շունչով պիտի տաքցնէին Յիսուս մանուկը։
Հրեշտակները=Աստուծոյ ներկայութիւնն են ժողովուրդի մէջ, առանց խտրութեան չարին թէ բարիին։
Յիշենք նաեւ, որ Մսուրը միայն ծառին տակ դնելու զարդարանքի համար չի գործածուիր, այլ ըտանիքի անդամները պէտք է հաւաքուին անոր շուրջ եւ աղօթեն՝ յիշելով խոնարհութիւնը Յիսուս մանուկի, որ ծնաւ մսուրի մէջ։