Մրջիւններու Աշխարհի Առաջին Քարտէսը

Հոնկ Քոնկի համալսարանը կրցած է կազմել աշխարհի առաջին քարտէսը, որ կը բացատրէ,

թէ ո՛ւր կ՛ապրին մրջիւնները: Այս քարտէսին կազմութեան նպատակն է աւելի մօտէն ծանօթանալ

միջատներուն կեանքին:

Քարտէսը կարօտած է չորս տարուան աշխատանքի: Այս քարտէսը ցոյց կու տայ մրջիւններու

գոյութիւն ունեցող 15 հազար տարբեր տեսակներուն աշխարհին մէջ բնակութեան վայրերը:

Այս ձեւով քարտէսը մեզի շատ կարեւոր տեղեկութիւններ կու տայ այս միջատներու կեանքին

մասին եւ կարելիութիւնը կու տայ զանոնք աւելի լաւ պահպանելու:

Այս քարտէսին շնորհիւ կը տեղեկանանք, թէ Աւստրալիոյ արեւելքը գտնուող Քուինզլենտ

նահանգին մէջ արդէն գոյութիւն ունին մրջիւններու 1400 տարբեր տեսակներ:

Ժամանակի ընթացքին այս քարտէսը պիտի այժմէականացուի, երբ նոր տեսակներ գտնուին:

Ըստ համալսարանի մասնագէտներուն, գրեթէ ամէն շաբաթ մրջիւններու նոր տեսակներ կը

գտնուին եւ կ՛ուսումնասիրուին:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...