Յիսուսի Ծնունդը.Ամբողջական Դաս


Հայ առաքելական եկեղեցին, Քրիստոսի ծնունդը կը նշէ Յունուար 6-ին: Մինչեւ 4-րդ դար, բոլո՛ր քրիստոնեաները, Սուրբ Ծնունդը ն կը նշէին Յունուար 6-ին:

Սակայն, երբ Հռոմի կայսրը տեսաւ, որ քրիստոնէութիւնը ընդունելէն ետք ալ, հռոմէացիները կը շարունակեն հեթանոսական տօներ նշել, ինչպէս օրինակ Դեկտեմբեր 25-ին,

արեւի պաշտամունքին նուիրուած տօնը 336 թուականին, Հռոմի կայսրը Դեկտեմբեր 25-ը հռչակեց Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան օր,

որպէսզի իր ժողովուրդը հեթանոսական տօներ չնշէ։

Սակայն Հայ Առաքելական Եկեղեցին շարունակեց մեր Փրկիչ`Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան ու մկրտութեան տօնը, նշել Յունուար 6-ին:

Յիսուսի Ծնունդը

Աստուած խոստացած էր փրկիչ մը ղրկել իր ժողովուրդին, մարդ չէր գիտեր, թէ երբ պիտի գար ան, բայց շատեր անոր կը սպասէին  անհամբեր:

Աստուած Գաբրիէլ հրեշտակը ղրկեց Նազարէթ քաղաք, որ Մարիամին աւետէ, թէ Աստուած զինք ընտրած է յատուկ նպատակով:

Ան զաւակ մը պիտի ունենար եւ անունը պիտի դնէր՝ Յիսուս, այդ զաւակը Աստուծոյ որդին է: Ան շատ մեծ  անձ մը պիտի ըլլայ, ըսաւ հրեշտակը:

Մարիամ ամուսնացաւ Յովսէփի հետ, այդ օրերուն Հռոմի կայսրը հրամայեց, որ ամէն մարդ իր ծննդավայրը երթայ,

ընդհանուր մարդահամար մը կատարելու համար: Ստիպուած Մարիամ եւ Յովսէփ գացին Բեթղեհէմ, իրենց անունը մարդահամարի  ցանկին վրայ արձանագրելու համար:

Շատ յոգնեցուցիչ ճամբորդութենէ մը ետք, երբ անոնք հասան Բեթղեհէմ  գիշերելու տեղ չկրցան գտնել եւ ստիպուեցան քարայրի  մը մէջ,

կենդանիներուն հետ գիշերել, թէեւ անկողին չկար հոն, սակայն այդ յարդը որ կը գտնուէր մսուրին մէջ, չոր ու տաքուկ էր:

Աստուծոյ որդին՝ Յիսուս հոն ծնաւ, Մարիամ զինք դրաւ  մսուրի մը մէջ:

Գիշերուան մութին հովիւները, երբ իրենց ոչխարներուն հետ էին, յանկարծ փայլուն  լոյս մը տեսան, հրեշտակ մը երեւցաւ ու ըսաւ անոնց՝

մի վախնաք ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, այս գիշեր մանուկ մը ծնաւ Բեթղեհէմի մէջ, ան Քրիստոս Փրկիչն է, անմիջապէս գացէք եւ գտէք զայն,

զինք պիտի տեսնէք խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մը մէջ դրուած ու երկինքէն խումբ մը հրեշտակներ երգեցին.

«Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փառք, խաղաղութիւն երկրի վրայ եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն», հովիւները շուտով գացին դէպի քաղաք ու գտան Յիսուս մանուկը:

Ապա դուրս ելան եւ ժողովուրդին աւետեցին Քրիստոսի ծնունդը:

Արեւելքէն իմաստուն մոգերն ալ, երբ տեսան փայլուն աստղը երկնքին մէջ, անմիջապէս գիտցան որ ժողովուրդին համար նոր թագաւոր մը ծնած էր:

Անոնք հետեւելով աստղին հասան Բեթղեհէմ, գտան մսուրը, տեսան Յիսուս մանուկը ու անոր նուիրեցին ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս:

Յիսուս այսպէս ծնաւ, որպէսզի հոգեւոր լոյս սփռէ եւ փրկութիւն բերէ մարդոց:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,

Օրհնեալ է ծնունդը Քրիստոսի

օրհնեալ է յայտնութիւնն  Քրիստոսի

Կազմեցէք Յիսուսի ծննդեան խճանկարը

Բառարան

աւետել=ուրախ լուր յատնել

մարդահամար=երկրի մը բնակչութիւնը համրելը

արձանագրել=գրել

գիշերել=գիշերը անցնել

յարդ= հացաբոյսի չորցած ցօղուն

մսուր=ընտանի անասուններու կեր ուտելու տեղ

խանձարուր= նորածինը փաթթելուլ կտոր

հաճութիւն=համաձայնութիւն

իմաստուն=շատ խելացի

մոգ=աստղագէտ

կնդրուկ=խունկ

զմուռս=անուշահոտ բոյս

սփռել=տարածել

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...