Լսելու համար սեղսել այստեղ
Պատմող՝ Արեգի Տաղլեան
Աստուած խոստացած էր Փրկիչ մը ղրկել իր ժողովուրդին: Մարդ չէր գիտեր թէ երբ պիտի գար Ան, բայց շատեր անոր կը սպասէին անհամբեր:

Աստուած, Գաբրիէլ հրեշտակը ղրկեց Նազարէթ քաղաք, որ Մարիամին աւետէ (ուրախ լուր տայ), թէ Աստուած զինք ընտրած է յատուկ նպատակով: Ան զաւակ մը պիտի ունենար եւ անունը պիտի դնէր՝ Յիսուս:
Այդ զաւակը Աստուծոյ որդին է: Ան շատ մեծ անձ մը պիտի ըլլայ,-ըսաւ հրեշտակը:


Մարիամ ամուսնացաւ Յովսէփի հետ:

Այդ օրերուն Հռոմի կայսրը հրամայեց, որ ամէն մարդ իր ծննդավայրը երթայ ընդհանուր մարդահամար մը կատարելու համար: Ստիպուած՝ Մարիամ եւ Յովսէփ գացին Բեթղեհէմ՝ իրենց անունը մարդահամարի ցանկին վրայ արձանագրելու համար:

Շատ յոգնեցուցիչ ճամբորդութենէ մը ետք, երբ անոնք հասան Բեթղեհէմ, գիշերելու տեղ չկրցան գտնել եւ ստիպուեցան քարայրի մը մէջ կենդանիներուն հետ գիշերել, :

Թէեւ անկողին չկար հոն, սակայն այն յարդը, որ կը գտնուէր մսուրին մէջ, չոր ու տաքուկ էր: Աստուծոյ որդին՝ Յիսուս հոն ծնաւ: Մարիամ զինք դրաւ մսուրի մը մէջ:

Գիշերուան մութին՝ հովիւները, երբ իրենց ոչխարներուն հետ էին, յանկարծ փայլուն լոյս մը տեսան: Հրեշտակ մը երեւցաւ ու ըսաւ անոնց՝


Հովիւները շուտով գացին դէպի քաղաք ու գտան Յիսուս մանուկը: Ապա դուրս ելան եւ ժողովուրդին աւետեցին Քրիստոսի Ծնունդը:


Արեւելքէն իմաստուն մոգերն ալ, երբ տեսան փայլուն աստղը երկինքին մէջ, անմիջապէս գիտցան որ ժողովուրդին համար նոր Թագաւոր մը ծնած էր: Անոնք՝ հետեւելով աստղին հասան Բեթղեհէմ, գտան մսուրը, տեսան Յիսուս մանուկը ու Անոր նուիրեցին ոսկի, կնդրուկ (խունկի տեսակ) եւ զմուռս (անուշահոտ խէժ):

Յիսուս այսպէս ծնաւ, որպէսզի հոգեւոր լոյս սփռէ եւ փրկութիւն բերէ մարդոց:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, օրհնեալ է յայտնութիւնը Քրիստոսի, ձեզի մեզի մեծ աւետիս:

