Յիսուսի Ծնունդը. Աստուածաշունչ (Ձայնով)

Լսելու համար սեղսել այստեղ

Պատմող՝ Արեգի Տաղլեան

Աստուած խոստացած էր Փրկիչ մը ղրկել իր ժողովուրդին: Մարդ չէր գիտեր թէ երբ պիտի գար Ան, բայց շատեր անոր կը սպասէին անհամբեր:

 

Աստուած, Գաբրիէլ հրեշտակը ղրկեց Նազարէթ քաղաք, որ Մարիամին աւետէ (ուրախ լուր տայ), թէ Աստուած զինք ընտրած է յատուկ նպատակով: Ան զաւակ մը պիտի ունենար եւ անունը պիտի դնէր՝ Յիսուս:

Այդ զաւակը Աստուծոյ որդին է: Ան շատ մեծ անձ մը պիտի ըլլայ,-ըսաւ հրեշտակը:

Մարիամ ամուսնացաւ Յովսէփի հետ:

 

Այդ օրերուն Հռոմի կայսրը հրամայեց, որ ամէն մարդ իր ծննդավայրը երթայ ընդհանուր մարդահամար մը կատարելու համար: Ստիպուած՝ Մարիամ եւ Յովսէփ գացին Բեթղեհէմ՝ իրենց անունը մարդահամարի ցանկին վրայ արձանագրելու համար:

 

Շատ յոգնեցուցիչ ճամբորդութենէ մը ետք, երբ անոնք հասան Բեթղեհէմ, գիշերելու տեղ չկրցան գտնել եւ ստիպուեցան քարայրի մը մէջ կենդանիներուն հետ գիշերել, :

 

Թէեւ անկողին չկար հոն, սակայն այն յարդը, որ կը գտնուէր մսուրին մէջ, չոր ու տաքուկ էր: Աստուծոյ որդին՝ Յիսուս հոն ծնաւ: Մարիամ զինք դրաւ մսուրի մը մէջ:

 

Գիշերուան մութին՝ հովիւները, երբ իրենց ոչխարներուն հետ էին, յանկարծ փայլուն լոյս մը տեսան: Հրեշտակ մը երեւցաւ ու ըսաւ անոնց՝

 

Մի՛ վախնաք, ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, այս գիշեր մանուկ մը ծնաւ Բեթղեհէմի մէջ, ան Քրիստոս Փրկիչն է, անմիջապէս գացէ՛ք եւ գտէ՛ք զայն:  Զինք պիտի տեսնէք՝ խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մը մէջ դրուած:
Ու երկինքէն խումբ մը հրեշտակներ երգեցին. «Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փառք, խաղաղութիւն երկրի վրայ եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն»։
 

Հովիւները շուտով գացին դէպի քաղաք ու գտան Յիսուս մանուկը: Ապա դուրս ելան եւ ժողովուրդին աւետեցին Քրիստոսի Ծնունդը:

Արեւելքէն իմաստուն մոգերն ալ, երբ տեսան փայլուն աստղը երկինքին մէջ, անմիջապէս գիտցան որ ժողովուրդին համար նոր Թագաւոր մը ծնած էր: Անոնք՝ հետեւելով աստղին հասան Բեթղեհէմ, գտան մսուրը, տեսան Յիսուս մանուկը ու Անոր նուիրեցին ոսկի, կնդրուկ (խունկի տեսակ) եւ զմուռս (անուշահոտ խէժ):

 

Յիսուս այսպէս  ծնաւ, որպէսզի հոգեւոր լոյս սփռէ եւ փրկութիւն բերէ մարդոց:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, օրհնեալ է յայտնութիւնը Քրիստոսի, ձեզի մեզի մեծ աւետիս:

 

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...