Նոյան Տապան

Աստուած՝ Ադամն ու Եւան ստեղծեց  եւ զանոնք սիրուն պարտէզի մը մէջ տեղաւորեց: Այդ պարտէզին անունը դրախտ էր:
Այդ տեղէն գետ մը կը բխէր ու այդ գետը կը բաժնուէր չորս ճիւղերու. Փիսոն-Գեհոն–Տիգրիս ու Եփրատ: Ուրեմն դրախտը կը գտնուէր Միջագետքի մէջ: Այդ չորս ճիւղաւոր գետը մինչեւ այսօր կայ եւ  կը շարունակէ հոսիլ:
Ադամ եւ Եւայի զաւակները բազմացան, սակայն չարացան:
Օր մը Աստուած բարկացաւ, եւ ամենէն անմեղ մարդը՝ Նոյը կանչեց եւ ըսաւ անոր:

– Տապան մը շինէ՛, հետդ ա՛ռ կինդ, զաւակներդ, զաւակներուդ կիները,  հետդ ա՛ռ նաեւ իւրաքանչիւր անասունի տեսակէն զոյգ մը եւ մտի՛ր անոր մէջ: Ես աշխարհի մնացեալ բոլոր էակները պիտի ոչնչացնեմ, որովհետեւ անոնց պատճառով աշխարհը չարութեամբ լեցուած է:

Նոյ կատարեց Աստուծոյ հրամանը:


Տապան մտնելէն անմիջապէս ետք քառասուն օր քառասուն գիշեր անձրեւ տեղաց:


Ջուրը ամենէն բարձր լեռներէն ալ վեր բարձրացաւ:

Երկրի վրայ ապրող էակ չմնաց:

Եօթներորդ ամսուն՝ ամսու տասնեւեօթներորդ օրը տապանը Արարատ սարի վրայ նստեցաւ։

Քառասուն օր յետոյ Նոյն իր շինած տապանի պատուհանը բացաւ եւ արձակեց ագռաւ մը, որ գնաց եկաւ մինչեւ երկրի վրայէն ջուրերու ցամքիլը։ Յետոյ աղաւնին ուղարկեց, որ տեսնէ, թէ արդեօք ջուրերը քիչցած են երկրի երեսի վրայէն։ Աղաւնին ետ դարձաւ դէպի տապանը. որովհետեւ ողջ երկրի երեսի վրայ ջուր կար։

Նոյ եօթ օր ալ սպասեց, եւ դարձեալ արձակեց աղաւնին տապանէն։ Իրիկուան դէմ աղաւնին եկաւ Նոյի մօտ, եւ ահա բերանին ձիթենիի նոր կտրուած տերեւ կար. եւ Նոյը գիտցաւ որ ջուրերը երկրի վերայէն քիչցած են։ Եօթ օր ալ սպասեց, դարձեալ աղաւնին արձակեց եւ այս անգամ աղաւնին  չվերադարձաւ, որովհետեւ բոլոր  ջուրերը  քաշուած էին:

Աստուած խօսեցաւ Նոյի հետ եւ ըսաւ. Դուրս ել տապանէն դուն, կինդ, որդիներդ, անոնց որդիներն ու կանայք շուրջիդ կենդանիները՝ թէ թռչուն, թէ անասուն, եւ թէ երկրի վրայ սողացող բոլոր սողունները քեզի հետ հանէ, որ երկրի վրայ բազմանան, եւ երկրի վրայ աճին ու շատնան։

Եւ դուրս ելաւ Նոյը եւ իր որդիքը եւ իր կինը եւ իր որդիներու կանայք իր հետ։ Ան իր հետ տարաւ նաեւ իւրաքանչիւր կենդանիէն զոյգ մը՝ թէ թռչուն, թէ անասուն, եւ թէ երկրի վրայ սողացող բոլոր սողունները։

Ջրհեղեղէն յետոյ Աստուած նայեցաւ աշխարհին, անոր գեղեցկութեան վրայ հիացաւ, եւ խոստացաւ անգամ մըն ալ մարդոց մեղքին համար աշխարհը չպատժել  եւ անձրեւին դադրիլը ցոյց տալու համար երկինքի վրայ գծեց ծիրանի գօտի մը: Այսպէս, մարդկութիւնը երկրորդ անգամ ծնունդ առաւ, բազմացաւ եւ տարածուեցաւ աշխարհի չորս կողմերուն:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...