Մեծ Տան Բնակիչները Ա. Վանայ Կատուն

Տեսանիւթ https://www.youtube.com/watch?v=_CWSH4qpcq8&t=24s

Բարձր ու գեղեցիկ սարի ստորոտին չքնաղ երկիր մը կար։ Այդ երկրին մէջ  տուֆակերտ քաղաք մը կար։

Այդ քաղաքին մէջ կ’ապրէր փոքրիկ Ալեքսը։ Ան աշխարհի ամենաբարի փոքրիկն էր։

Տղան ջինջ ու կլոր աչուկներ ունէր. այդ աչուկները աշխարհի ամենաժպտուն աչուկներն էին։

Ալեքսը կ’ապրէր մեծ ու յարմարաւէտ տան մէջ։ Տունը ունէր իր հրաշալի այգին, ուր կ’աճէին աշխարհի ամենագեղեցիկ ծառերն ու ծաղիկները։

Տղան փոքր էր ու չէր կրնար հաշուել, թէ քանի սենեակէ բաղկացած էր իրենց տունը, բայց կը սիրէր վեր ելլել ու իջնել աստիճաններով եւ բանալ սենեակներուն դռները։
Առաւօտ մը, երբ հայրիկն ու մայրիկը դեռ քնացած էին, Ալեքսը իր փոքրիկ մահճակալէն զգուշութեամբ իջաւ ու սենեակէն դուրս վազեց։

Արեւի ճառագայթները լուսաւորած էին ողջ տունն ու ամէն անկիւնէ կը շողշողային։

Յանկարծ տղան նկատեց իրեն ուղղուած ծածուկ հայեացք մը։ Ալեքսը զարմացաւ՝ տեսնելով մեծ ու ճերմակ կատուն, որուն աչքերը տարբեր երանգներ ունէին։

-Դուն ո՞վ ես, ինչպէ՞ս այստեղ յայտնուած ես,- հարցուց տղան։

– Ես Վանայ կատուն եմ, ծնած եմ աշխարհի ամենագեղեցիկ լիճի շրջակայքը եւ ունիմ տարագոյն աչքեր։

Կրնաս ինծի Վանայ կատու ըսել։ Թէ ինչպէ՞ս այստեղ յայտնուեցայ, մռռռ․․․ շատ պարզ ձեւով.  դարպասէն ցատկեցի ու բակ մտայ,- բացատրեց կատուն։

-Ի՜նչ ճերմակ մորթ ունիս, կ’ուզեմ քեզ շոյել,- ժպտաց տղան։
Կատուն շտկեց մէջքը, հպարտ քալուածքով մօտեցաւ Ալեքսին ու հարցուց․

-Կ’ուզե՞ս միասին զբօսնենք։

-Կ’ուզեմ,- ուրախացաւ տղան,- բայց հայրիկս ու մայրիկս քնացած են, անոնց ինչպէ՞ս տեղեակ պահեմ։

-Մի՛ մտահոգուիր, մենք շուտ կը վերադառնանք,- ըսաւ Վանան ու ցատկռտելով՝ իջաւ աստիճաններէն։
Ալեքսը հետեւեցաւ անոր։ Անոնք բակէն դուրս ելան եւ քալեցին քաղաքի փողոցներուն մէջ։ Կատուն, պոչը վեր տնկած, առջեւէն կը քալէր։

Ալեքսը՝ անոր ետեւէն կ’երթար։ Յանկարծ ամպերը որոտացին, ու յորդառատ անձրեւ տեղաց։

Անձրեւը այնքան զօրաւոր էր, որ լեցուելով քաղաքի փոքրիկ լճակին մէջ՝ չորս կողմը ջուրով պատեց, ու մեծ լիճ մը գոյացաւ։

Ալեքսն ու կատուն յայտնուեցան կղզեակի մէջ։ Վանան նայեցաւ թրջուած տղուն ու ըսաւ․

-Հանէ՛ հագուստդ. թաց է, կը մսիս։
-Չէ՛, առանց հագուստի ալ կը մսիմ,- յամառեցաւ տղան։
-Հիմա նոր հագուստ կ’ունենաս,- ըսաւ կատուն:

Ան իր վրայէն մի քանի մազ փրցուց, մօտեցուց բերանին ու փչելով՝ վեր նետեց։ Վայրկեաններ անց, երկնքի մէջ, երկու թռչնակ յայտնուեցան։ Անոնք մի քանի պտոյտ ըրին ու վար սուրացին։ Թռչունները մօտեցան Ալեքսին, անոր նոր ու գեղեցիկ հագուստներ տուին եւ իսկոյն հեռացան։ Տղան շատ հաւնեցաւ մեծ գրպաններով նոր տաբատը։ Կատուն նայեցաւ Ալեքսին ու պոչը շարժելով՝ ըսաւ․
-Արա՛գ փոխուիր. դեռ երկար ճամբայ ունինք անցնելու։
-Ինչպէ՞ս պիտի երթանք, շուրջը ամէն կողմ ջուր է,- զարմացած հարցուց տղան։
-Կը նստիս մէջքիս, ու միասին կը լողանք։
-Դուն լողա՞լ գիտես։
-Անշուշտ գիտեմ: Ես աշխարհի միակ լողորդ կատուն եմ,- ըսաւ Վանան ու ցոյց տուաւ թաթերու միջեւ եղած  թաղանթները։
-Բայց, նոր հագուստս ալ կը թրջուի,- բողոքեց տղան։
-Հանգի՛ստ եղիր, իմ մորթս ջուրէն չի թրջուիր։ Մենք միայն լողալով կրնանք ափ հասնիլ։

Պէտք է աճապարենք. ծնողներդ կ’արթննան ու քեզ տունը չտեսնելով՝ կ’անհանգստանան,- տղուն համոզեց կատուն։
Ալեքսը նստաւ կատուի մէջքին, ու անոնք սկսան լողալ։

Ամպերը հեռացան։

Արեւը փայլատակեց ու երկինքը երեւցաւ կապոյտ ու խաղաղ լճակին մէջ։

Յանկարծ փոքրիկ ալիքներ գոյացան, ու անոնց քով լողաց գունաւոր բադիկ մը։


-Ողջո՛յն, ինչ լա՜ւ է, որ հանդիպեցանք,- ըսաւ կարմրակտուց բադիկը ու թեւերը թափահարեց,

– Շատ կ’ուզէի փետուրներէս մէկը քեզի նուիրել։ Ո՞ր գոյնը կը նախընտրես։

-Կապոյտը,- պատասխանեց տղան։
-Ինչո՞ւ կապոյտը,- զարմացաւ բադիկը։
-Որ նայիմ ու յիշեմ այս լիճը,- ժպտաց տղան։
Բադիկը կապոյտ փետուրը տղուն տուաւ ու ըսաւ․
-Փետուրը կը մօտեցնես հայելիին, ու անոր մէջ կը պատկերուի ուզածդ լիճը։
Ալեքսը շնորհակալութիւն յայտնեց, փետուրը գրպանը դրաւ, ու շարունակեցին լողալ։
Յանկարծ ջուրի տակէն մեղմ ձայն մը լսուեցաւ։ Տղան վար նայեցաւ ու տեսաւ կէտաւոր ձկնիկ մը։

-Ի՞նչ կ՝ըլլայ, զիս ալ տար քեզ հետ,- գլուխը ջուրէն հանելով՝ խնդրեց ձկնիկը,

– իմ անունս Իշխան է, այս լճակի ձուկերէն միայն ես խօսիլ գիտեմ ու չկայ ձուկ մը, որուն հետ կրնամ զրուցել։
-Քեզի ինչպէ՞ս տանիմ, առանց ջուրի  կը մեռնիս։

Կը խոստանամ, որ օր մը կու գամ  կը տանիմ։ Հետս դոյլ կը բերեմ ու քեզի մեր տուն կը տանիմ։
Ձկնիկը թափահարեց պոչիկը, սուզուեցաւ ջուրին յատակը,

յետոյ  վերադարձաւ, բերանին մէջ պահած վարդագոյն մարգարիտը տղուն տուաւ ու ըսաւ․
– Երբ գաս զիս տանելու, մարգարիտը ջուրը կը նետես, ու ես անմիջապէս լողալով  քովդ կու գամ։
Տղան մարգարիտը դրաւ գրպանը ու շարունակեցին լողալ։

Ալեքսը շուրջը կը նայէր ու քիթին տակ կ’երգէր․
-Ես ու Վանան կը լողանք
Լիճի կապոյտ ջուրին մէջ,
Ձկնիկ, բադիկ երբ տեսանք
Բարեւ տուինք ու անցանք․․․

– Ցամաքը արդէն մօտ է, Ալե՛քս,- ուրախացաւ կատուն եւ ափ հասնելուն պէս՝  պոչը տնկեց ու վազեց։

Տղան քալեց անոր ետեւէն եւ չնկատեց, թէ ինչպէս տեղ հասան։
-Եկուր իրարու հրաժեշտ տանք,- տխուր ըսաւ կատուն։
-Ո՛չ, դուն ինծի հետ կու գաս ու մեր տան սենեակներէն մէկուն մէջ կ’ապրիս,

– կատուն շոյելով՝ ըսաւ  Ալեքսը եւ առջեւէն քալեց։
Վանան ուրախ-ուրախ հետեւեցաւ իրեն․․․

ՎԵՐՋ

Հեքիաթի հեղինակ՝ գրող Մարիամ Խուրշուտեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ը

Նկարազարդեց Արեգի Տաղլեան


բառերու բացատրութիւն

տուֆակերտ – տուֆ քարէն շինուած

ծածուկ -գաղտնի

երանգ -գոյն

տարագոյն-տարբեր գոյներ

դարպաս-մեծ տան գլխաւոր դուռ

զբօսնել-պտտիլ

որոտում -ամպերու ձայն

յորդառատ- շատ

կղզեակի –փոքր կղզի

յամառիլ-նոյն կարծիքին մնալ

թաղանթ- բարակ մաշկ

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...