Նոր տարիէն քիչ մը առաջ կենդանաբանական այգիի տնօրէն Առիւծ Մժեղեանի քով պատգամաւորներու խումբ մը եկաւ: Ամէնէն առաջ ոզնի Վովկան էր, անորմէ ետք` սիրամարգ Ֆեդոտը, սպիտակ արջ Վասիլին, կոկորդիլոս Վիկտորը եւ վագր Կուզման… Մնացածի համար գրասենեակի մէջ տեղ չկար:

– Ա՞յս անգամ ինչ պատահած է,- հարցուց Առիւծ Մժեղեանը:
– Մենք կ’ուզենք տօնածառի հանդէսին երթալ, – ըսաւ ոզնի Վովկան:
– Ի՞նչ տօնածառ,- չհասկցաւ տնօրէնը:
– Ամանորեայ,- յստակեցուց արջ Վասիլին: – Խաղալիքներով զարդարուած…
– Ինչո՞ւ համար:
– Որ նուէրներ ստանանք, Կաղանդ Պապային նայինք, ինքզինքնիս ցուցադրենք,- պոչը բացաւ սիրամարգ Ֆեդոտը:
– Ինքզինքնիդ ծուծադրէ՝ք,- բացականչեց տնօրէն Մժեղեանը:- Բայց չէ՞ որ դուք բոլոր երեխաները կը վախցնէք:
– Իսկ անոնք կը մտածեն, որ մենք պարզապէս դիմակներ հագած ենք` ամանորի դիմակահանդէսի դիմակներ,- չէր յանձնուեր ոզնի Վովկան:
– Բնականաբար,- քմծիծաղեցաւ տնօրէնը:- Բոլորը կը նային մեր Վիկտորին ու կը մտածեն, որ ան այդպէս երեք մեթրանոց տղայ է` կոկորդիլոսի դիմակով… Իսկ եթէ ոեւէ մէկուն մայրիկը կամ մեծ մայրիկը ուշաթափի՞: Իսկ պատասխան ե՛ս պիտի տամ:
– Ճիշտ կ’ըսէ-,- ըսաւ վագր Կուզման:
–Բնականաբար, ճիշտ կ’ըսեմ,- ըսաւ տնօրէնը:- Գացէք: Եւ այդ յիմարութիւնները ձեր գլուխներէն հանեցէք:
Կենդանիները յուսահատ հեռացան տնօրէնի սենեակէն:
– Հը, ի՞նչ ըրիք,- հարցուցին միւս կենդանիները:
– Արգիլեց,- քիթը քաշելով պատասխանեց ոզնի Վովկան:
– Ես այդպէս ալ գիտէի,- ըսաւ թեւատ Աֆանասին: – Պէտք ալ չէր հարցնել:
Թեւատ Աֆանասին իր վանդակին մէջ պահած էր կարմիր մարզական վերնազգեստ, կօշիկ եւ նոյնիսկ փոմփոնով գլխարկ: Կենդանաբանական այգիի պահակը խիստ կարճատես էր, այդ պատճառով թեւատը, օգտուելով առիթէն, իրեն դեռահասի տեղ դրած, առանց թոյլտւութեան կը փախչէր քաղաք` զբօսնելու:
– Քեզի ի՞նչ տարբերութիւն,- ըսաւ Գետաձին:- Իսկ մեզի մէկ անգամէն կը բռնեն:
Բոլորը տխրեցան:
– Իսկ ի՞նչ, եթէ մենք կենդանաբանական այգիի մէջ տօնածառի մեր հանդէսը կազմակերպենք,- վախուորած առաջարկեց ջայլամ Էմման:
– Հիանալի միտք է, ըսին մնացածը: – Զարդեր ու խաղալիքներ կը գնենք…
Այցելուները յաճախ մանրադրամներ կը նետէին կենդանիներուն, որոնցմով անոնք յետոյ պաղպաղակ, ծամոն կամ այլ մանրուքներ կը գնէին, տարբեր մանր բաներ, զորս Առիւծը կը համարէր վնասակար եւ անոնց չէր տար:
Բոլորը նետուեցան դէպի ազատաւանդակներն ու լողաւազանները, իրենց պահեստներու ետեւէն: Մանրադրամի մեծ կոյտ մը հաւաքուեցաւ:
Որոշեցին քաղաք ուղարկել ոզնի Վովկան, որ իր ասեղներու պէս գիտէր շրջապատի բոլոր խանութները, թեւատ Աֆանասին, որ ունէր մարդկային հագուստ, եւ ագեվազ Սինդին: Սինդին շատ լաւ կը ցատկէր եւ կրնար ցատկել-անցնիլ կենդանաբանական այգիի երեք մեթրանոց ցանկապատի վրայէն: Նաեւ ան շատ լաւ տնտեսուհի էր եւ ամբողջ կենդանաբանական այգիին մէջ միակն էր, որ պայուսակ ունէր:

Ամէն ինչ կ’ընթանար նախատեսուած ծրագիրով:
Յաջորդ օրը ոզնի Վովկան հպարտօրէն անցաւ պահակի կողքէն: Անցեալ տարի ոզնին ինք անտառէն եկած էր անոնց քով եւ կենդանաբանական այգիի սեփականութիւնը չէր համարուէր: Այդ պատճառով ալ պահակը կարեւորութիւն չէր տար Ոզնիի զբօսանքներուն:
Անոր ետեւէն, դպրոցականներու ամբոխին խառնուած, պահակի կողքով շորորալով անցաւ Աֆանասին:
Իսկ ագեվազը, հակառակ մանրադրամներով լեցուն իր պայուսակին, հեշտութեամբ թռաւ այգիի ցանկապատի վրայէն:
Հանդիպելով նախապէս որոշուած վայրի մէջ, երեք կենդանիները ուղեւորուեցան դէպի «նուէրներ» անունը կրող խանութը:

– Դուք ի՞նչ է, ասոնք փողոցէ՞ն հաւաքած էք,- դժգոհ հարցուց վաճառողուհին, երբ ագեվազը վաճառասեղանին վրայ պարպեց մանրադրամները:
– Ոչ, կենդանաբանական այգիէն,- ճշտեց թեւատ Աֆանասին:- Տուէք խնդրեմ հարիւր փուչիկ, հարիւր շրխկան, այն շղթան, պայթուցիկներ…
– Իսկ մնացած դրամով` գունաւոր թղթաժապաւէն,- աւելցուց ոզնի Վովկան: – Ամենալա’ւը:
– Գեղեցկութիւ՜ն,- կը հիանային կենդանիները, երբ Աֆանասին հատ-հատ կը հանէր խաղալիքները պարկերու եւ տոպրակներու մէջէն:
Աղմուկի ու խառնաշփոթի մէջ միայն գետաձի Մօտիան հանգիստ կեցած էր:
– Իսկ տօնածառը ո՞ւր է,- հարցուց ան:

Բոլորը լռեցին: Թեւատ Աֆանասին նայեցաւ ագեվազ Սինդիին, ագեվազը նայեցաւ ոզնի Վովկային, իսկ ոզնի Վովկան շփոթած մրթմրթաց.
– Տօնածառը մենք մոռցած ենք: Բայց հիմա կը վազենք եւ…
Սինդին փորփրեց պայուսակն ու մոռցուած մետաղադրամ մը գտաւ:
Բոլորը անտրամադիր էին:
– Իսկ գուցէ պահա՞կը պարտքով տայ մեզի,- առաջարկեց սպիտակ արջ Վասիլին: Պահակի կրպակի անկիւնին փոքրիկ տօնածառ մը կար դրուած:
– Անիկա ոչ թէ տօնածառ է, այլ արհեստական վարունգ,- քմծիծաղեց կենդանիներէն մէկը:
– Այո,-ըսաւ Կոկորդիլոսը: – Իսկ մեզի պէտք է իսկական, մեծ ու կանաչ տօնածա՛ռ:
– Մեծ ու կանա՞չ,- Ոզնին նայեցաւ Կոկորդիլոսին:- Ահա այն` կենդանի, մեծ եւ կանաչ:
– Ու՞ր է:
– Ես մտածեցի, եթէ մեր Վիկտորը ինչպէս պէտք է զարդարենք, ուրեմն մեր կենդանաբանական այգիին մէջ կ’ունենանք աշխարհի ամենակենդանի, ամենամեծ ու կանաչ տօնածառը:
– Ճիշտ է,- ըսաւ Աֆանասին: – Վրադ կը կախենք ծաղկաշղթայ, խաղալիքներ, թղթաժապաւէններ:
– Ինչ կ’ըսէք,- զայրացաւ Կոկորդիլոսը:
Բայց միտքը բոլորը սիրեցին: Իսկ ոմանք նոյնիսկ նախանձեցան Կոկորդիլոսին:
– Ես ալ կենդանի եմ եւ նոյնիսկ տեղ-տեղ ալ կանաչ եմ, բայց ափսոս, որ շատ մեծ չեմ,- ըսաւ սիրամարգ Ֆեդոտը:
– Իսկ ես կենդանի եմ ու մեծ, բայց բաւականաչափ նրբագեղ ու կանաչ չեմ,- ըսաւ գետաձի Մոտիան:
Կոկորդիլոսը երկար չէր համաձայներ:
Բայց եւ այնպէս զինք համոզեցին:

Ամանորի նախօրէին տնօրէն Առիւծ Մոծակեանը բոլորին շնորհաւորեց տօնի առթիւ, անոնց յանձնեց նուէրներու տուփերը, ուր կային մանտարիններ, պանաններ եւ հիւթ: Ան բոլորին ուրախ տօն մաղթեց եւ գնաց տուն:
Իսկ կենդանիները սկսան պատրաստուիլ տօնակատարութեան: Տօնածառի համար տեղ ընտրեցին հրապարակի մէջ, շատրուանի կողքին: Ձմրան շատրուանը չէր աշխատեր, այդ պատճառով այնտեղ դրին հիւթի շիշերը, մանտարիններն ու պանանները: Իսկ յետոյ անցան գլխաւորին` սկսան զարդարել կոկորդիլոսը:
Ոտքէն գլուխ Վիկտորը փաթթեցին ծաղկաշղթաներով ու թղթաժապաւէններով, եւ անցան խաղալիքներ կախելուն:
– Աջ ճիւղը աւելի բա՛րձր պահէ:
– Իսկ ձախը` քիչ մը վա՛ր:
– Միայն թէ զգո՛յշ, որ խաղալիքները չկոտրես:
– Մէկ-երկու-երեք, լոյսեր, վառեցէ՛ք, – բացականչեցին բոլորը: Վովկան միացուց լոյսերը եւ կոկորդիլոսը շողաց գունաւոր լոյսերով:
– Ինչպիսի՜ գեղեցկութիւն, – հիացած բացականչեց ջայլամ Էմման: – Կարծեմ, մեր այգիի տօնածառը քաղաքին մէջ ամենագեղեցիկն է:
– Աշխարհի մէջ,- ըսաւ թեւատ Աֆանասին:
– Ափսո՜ս, որ Կաղանդ Պապա չկայ,- ըսաւ Կուզման:
Ժամացոյցը ազդարարեց տասներկուքը: Կենդանիները բացին հիւթերը…
Եւ յանկարծ դարպասներուն քով ձայն մը հնչեց:
– Ասիկա ի՞նչ է, հրավառութիւ՞ն,- հարցուց մէկը:
– Նման չէ,- պատասխանեց Մակակին:
Ընձուղտը երկարեց վիզը.
– Կաղանդ Պապան է…
– Չի՜ կրնար ըլլալ,- կենդանիները նետուեցան դէպի դարպասը:
Ընձուղտը չէր սխալած: Իսկապէս, փողոցի մէջ, կենդանաբանական այգիի մուտքէն ոչ հեռու կեցած էր Կաղանդ Պապայի սահնակը: Ոզնի Վովկան ճաղերուն մէջէն անցնելով վազեց դէպի սահնակը:
– Ողջոյն, Կաղանդ Պապա, Դուք մեր քո՞վ եկած էք:
– Ես բոլորի քով եկած եմ, – պատասխանեց Կաղանդ Պապան: – Բայց կը վախնամ ալ ուրիշ տեղ չհասցնեմ երթալ:
– Իսկ ի՞նչ պատահած է,- աղմկեցին կենդանիները:
Կաղանդ Պապան պատմեց, որ իր սահնակը մեքենայի մը հետ բախուած է: Վախցած եղնիկները փախած են:
– Իսկ ես դեռ ինը փողոցի ու տասը նրբանցքի երեխաներու նուէրները չեմ հասցուցած բաժանել, – տխուր ըսաւ ան:
– Պէտք է օգնել Պապիկին,- վստահօրէն ըսաւ վագր Կուզման:
Պահակը պինդ քնացած էր: Թեւատ Աֆանասին մտաւ պահակի կրպակը եւ աննկատ վերցուց բանալիներու կապը: Մէկ վայրկեան անց կենդանաբանական այգիի դարպասները բաց էին:
Կաղանդ Պապայի սահնակին լծուեցան վագրաձի Վերան, ջայլամ Էմման եւ Պրժեւալսկի ձիուկը:

– Մի՛ մտահոգուիր, Պապիկ, մենք քու նուէրներդ կէս ժամուան մէջ տեղ կը հասցնենք, – ըսաւ ոզնի Վովկան` մագլցելով սահնակը: Անոր հետ Կաղանդ Պապայի սահնակ բարձրացան Կուզման ու արջ Վասիլին:
– Հէ՜յ, ի՜նծի սպասեցէք, – բացականչեց Կոկորդիլոսը: Ծաղկաշղթայի մէջ խճճուած:
– Կանգ առ ու մի շարժիր, – բացականչեցին մնացածները, – մենք շուտով կը վերադառնա՛նք:
Սահնակը սլացաւ պարապ փողոցներով, իսկ անոր հետեւէն` կենդանաբանական այգիի բնակիչները:

Անոնք, որոնք քնացած չէին ամանորի այդ գիշերը, արտասովոր ներկայացում տեսան. քաղաքի կեդրոնով, ձիով, վագրաձիով ու ջայլամով լծուած սահնակով կերթար Կաղանդ Պապան: Սպիտակ արջն ու վագրը պարկէն խաղալիքները կը հանէին, իսկ տասնեակ ամենատարբեր գազաններ այդ խաղալիքները կը բաժնէին տուներուն եւ կը դնէին դռներուն առջեւ:
Անոնց քով, ովքեր կ’ապրէին երկրորդ, երրորդ կամ չորրորդ յարկերու մէջ, ընձուղտի վիզով ճարպիկօրէն կը մագլցէին կապիկները եւ նուէրները կը դնէին պատշգամներու եւ պատուհաններու քով:

Իսկ անոնք, որոնք կ’ապրէին աւելի բարձր յարկերու մէջ, ժապաւէններով կապուած նուէրներու տուփերը վեր կը հանէին կարապները, թութակներն ու մարգարտահաւերը:

Քաղաքապետը ինքն ալ տեսաւ, թէ ինչպէս մեծ ափրիկեան փիղը կնճիթով, ինչպէս պասքէթպոլի զամբիւղի մէջ կը նետէր գնդակները:
Բայց որոշեց, որ անիկա երազին մէջ կը տեսնէ:
Մէկ ժամ անց բոլոր նուէրները բաժնուած էին հասցէներով եւ տօնական շքախումբը վերադարձաւ կենդանաբանական այգի:
Իսկ այդ ընթացքին կենդանաբանական այգիին մէջ հետեւեալը կը կատարուէր:
Այգիին մօտով երկու խարդախներ կ’անցնէին: Տեսնելով բաց դարպասները, անոնք որոշեցին ներս մտնել. իսկ ի՞նչ, եթէ յանկարծ յաջողին բան մը գողնալ: Խարդախները մտան ներս ու տեսան տօնածառը:
– Տես, բարեկամս, – ըսաւ մէկը: – Ին՜չ ալ լաւ զարդարած են:
– Հիմա տօնածառի խաղալիքները սուղ են:
Եւ անոնք մօտեցան տօնածառին:
Կոկորդիլոսը, ընկերներուն սպասելով, քունի անցած էր: Բայց, լսելով կասկածելի շշուկները, բացաւ մէկ աչքը:
– Դուն աջ կողմի խաղալիքները հանէ, – լսեց ան, – իսկ ես` ձախինը:
Երբ խարդախները ձգուեցան դէպի խաղալիքները, տօնածառը յանկարծ բացաւ իր մեծ երախն ու անոնց ուղղեց երկու կանաչ թաթերու ճանկերը…
Վայրի ճիչերով գողերը սկսան փախչիլ, կարծես երկու ագեվազ ըլլային , թռան ցանկապատի վրայէն եւ անհետացան:
Իսկ մէկ վայրկեան անց Կաղանդ Պապայի սահնակը մօտեցաւ այգիի դարպասներուն:
– Սիրելի Կաղանդ պապա, – ըսաւ ոզնի Վովկան: – Եթէ քիչ մը ժամանակ ունիս, մենք կ’ ուզենք ձեզ հրաւիրել մեր տօնածառի քով։
– Մեծ հաճոյքով,- պատասխանեց ան։ Տեսնելով զարդարուած Կոկորդիլոսը, Կաղանդ Պապան հիացաւ.
– Երբե՛ք այսպիսի հիանալի տօնածառ չէի տեսած։

Կաղանդ Պապայի քով դեռ նուէրներ ու մէկ պարկ կար. ընձուղտ Ֆիլիմոնին երկար ու գեղեցիկ վզկապ մը հասաւ, փիղ ամուսիններուն՝ բուրդէ կօշիկներ ու ձեռնոցներ՝ կնճիթի համար, գետաձի Մոտիային՝ ելեկտրական ատամաքերիչ, ջայլամ Էմմային՝ հայելի, ոզնի Վովկային՝ ելեկտրական լուսարձակ:

Բաւեց բոլորին:
– Իսկ ինծի՞,- հարցուց կոկորդիլոս Վիկտորը։
Կաղանդ Պապան նայեցաւ պարկին մէջ. նուէրներ այլեւս չկային։ Այդ ժամանակ ան ձեռքէն հանեց իր ժամացոյցը տուաւ կոկորդիլոսին.
– Վերցուր, ասիկա ջրակայուն է։
– Հիանալի է, – ուրախացաւ Վիկտորը։ – հիմա ես ճաշէն չեմ ուշանար։

Իսկ յետոյ կենդանիները շուրջպար բռնեցին, խմեցին հիւթեր եւ երգեցին Նոր Տարուան երգեր։ Տօնը շարունակուեցաւ այնքան, մինչեւ ընձուղտ Ֆիլիմոնը ցանկապատէն այն կողմ նկատեց կորսուած եղնիկները։
Կաղանդ Պապան ի գործ դրաւ սահնակը, հրաժեշտ տուաւ բոլորին եւ խոստացաւ յաջորդ տարի անպայման այցելել կենդանաբանական այգի։
Արդէն առաւօտ էր։ Կենդանիները կերան մնացած մանտարիններն ու մտան իրենց վանդակները։ Միայն կոկորդիլոս Վիկտորն էր, որ տօնածառի զարդերու մնացորդները վրայէն կը թափէր այգիին մէջ եւ կը մտածէր. արդեօ՞ք յաջորդ տարի զինք տօնածառ պիտի ընտրեն, թ՞է ոչ…
Նկարները՝ Անահիտ Գարդեանի
Թարգմանութիւնը՝ Վերոնիկա Բուռնուչեանի
Խմբագիր՝ Սամուէլ Առաքելեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀԸ
աղբիւրը poqrik.am
