Նոր տեսանիւթ. Շուշիի Ազատագրումը

Շուշիի ազատագրումը հայկական ռազմական ուժերու առաջին մեծ նշանակութիւն ունեցող յաղթանակն է Արցախեան ազատամարտին։

Անիկա յայտնի է նաեւ «հարսանիք լեռներում» ռազմական գործողութիւն եւ Շուշիի գրաւում անուանումներով։

Ճակատամարտը սկսած է 1992 թուականի Մայիս 8-ին, ռազմավարական կարեւոր Շուշի լեռնաքաղաքին մէջ։

Մարտական գործողութիւնները ճշգրիտ հաշուարկուած էին եւ արդէն միւս օրը Շուշին լիովին ազատագրուած էր ատրպէյճանցիներէն:

Շուշիի ազատագրմամբ Արցախեան շարժումը թեւակոխեց որակական նոր փուլ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը դարձած էր աւելի քան իրական։

Շուշիի ազատագրման ռազմական գործողութիւնը տեւած է մէկ օր՝ Մայիս 8-9։

Մշակման եւ իրականացման առումով գրեթէ անթերի, հայ ռազմարուեստի մէջ եզակի ռազմական գործողութիւն։

Գործողութիւնը իրականացուած է 4 ուղղութիւններով՝ միաժամանակ յարձակումներով, Մայիսի լոյս 8-ի գիշերը ժամը 2.30-ին,

Քիրսի ռազմական դիրքերը գրաւելէն եւ Լաչին-Շուշի ճանապարհը հսկողութեան տակ առնելէն ետք՝ ՄՄ-21 մարտկոցի համազարկով։

Ռազմական գործողութիւնը ղեկավարած է Ինքնապաշտպանութեան ուժերու (Իպու) հրամանատար Արկադի Տէր-Թադեւոսեանը։

Ռազմական գործողութեան ելքը կանխորոշուած էր արդէն իսկ Մայիս 8-ին, երբ Լաչինի եւ միւս ուղղութիւններու ստորաբաժանումները

նպաստաւոր բնագծեր  գրաւած էի Շուշիի մէջ։ Մայիս 8-ի երեկոյեան կողմ տրուած դադարը հակառակորդին հնարաւորութիւն ընձեռած էր յատկացուած միջանցքով հեռանալ բերդաքաղաքէն։

Կէսօրուան մօտ յարձակման անցած են հակառակորդի մէկ ռազմական օդանաւ եւ ուղղաթիռներ, որոնք ռմբակոծած են հայկական ուժերու մարտաշարքերը,

ինչպէս նաեւ Շուշին ու Ստեփանակերտը։ Աւելի ուշ պարզուած է, որ այդ օդային յարձակման նպատակը

Շուշիի մէջ ձգած զինապահեստները պայթեցնելն էր, այդպիսով ատրրէյճանցիները յոյս ունեցած են կործանել ամբողջ քաղաքը՝

ծրագիր որ թշնամին չկրցաւ յաջողցնել։ Երեկոյեան կողմ գրեթէ աւարտած է Շուշիի «մաքրման» գործողութիւնը։

Մայիս 9-ին հինաւուրց հայկական բերդաքաղաքը ազատագրուած էր։

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...