Պսակաձեւ Ժահրը Դատավճիռ Չէ. Մանկավարժական

Պսակաձեւ Ժահրի համավարակի պատճառով, ինչպէս ողջ աշխարհի մէջ, Հայաստանի մէջ ալ  Մարտ 16-էն Մայիս 14 յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն, փակուած են բոլոր կրթական հաստատութիւնները, որպէսզի աշակերտներն ու ուսանողները, նոյնիսկ մանկապարտէզի տարիքի երեխաները ետ չմնան իրենց կրթական ծրագրերէն, որոշում կայացուեցաւ անցնիլ հեռավար կրթութեան:

Գրեթէ բոլոր կրթական հաստատութիւններէն ներս սկիզբը թեթեւ խուճապ կար, թէ հաւանաբար չհասցնենք, նոր ոճը կրնայ արդիւնաւէտ չ’ըլլալ. չէ՞ որ ուսուցիչներու,  նաեւ աշակերտներու մեծ մասը ծանօթ չէր հեռավար ուսուցման հնարաւորութիւն ընձեռող ծրագրերուն: Բայց շատ շուտով ամէն ինչ յստակացաւ, կազմակերպուեցաւ եւ հունի մէջ մտաւ:

Առաջին քայլը, Zoom հարթակէն օգտուելու հմտութիւններու  իւրացումն էր, ինչը հնարաւորութիւն  տուաւ ամբողջ դասարանը,  ինչու՞ չէ, նաեւ  բոլոր մանկավարժները, երբեմն նաեւ ծնողները  հաւաքել համակարգիչի դիմաց:

Zoom հարթակը մեզի տուաւ շարք մը նոր հնարաւորութիւններ, օրինակ՝ օգտագործել առցանց գրատախտակ, սահիկաշար՝ միաժամանակ տեսանելի ամբողջ դասարանին: Համացանցի հասանելիութիւնը թոյլ տուաւ կազմակերպել տեսանիւթերու համատեղ դիտում եւ քննարկում, կազմակերպել գերաշխուժ խաղեր եւ անոնց միջոցով աւելի հետաքրքրական ու գրաւիչ դարձնել դասը: Այլ խօսքով այս  հարթակը հնարաւորութիւն կու տայ կիրառել տարբեր գործիքներ: Օրինակ՝ Zoom-ի հարթակին դասագիրքը կը յայտնուի պաստառին, երեխան կ’աշխատի եւ՛ իր դասագիրքով, եւ լրացուցի՛չ նիւթով։ Նորարարութիւնն ու նոր գիտարուեստներուն տիրապետելը մեծ ոգեւորութիւն կը  յառաջացնէ դեռահասներու մէջ։ Պաստառը կ’օգտագործուի 100 տոկոսով: Ես հանդիպումներու ժամանակ  յաճախ կ’օգտուիմ LearningApps, Quiz ծրագրերէն, ինչը բաւական խանդավառութիւն կ’առաջացնէ աշակերտներու շրջանակէն ներս, կարծես աւելի անհամբեր կը սպասեն յաջորդ դասին. պատկերներու գունային երանգները  աւելի մատչելի եւ հասանելի են աշակերտին, քան դպրոցի գրատախտակը։

Աշխատանքի ընթացքին մեզի պարզ դարձաւ հեռավար կրթութեան դրական եւ բացասական կողմերը, սակայն ես կը մնամ այն համոզումին, որ դրական կողմերը կը գերակշռեն: Ինչպէս ցոյց կու տայ կենսափորձը, սորվելու ցանկութիւն ունեցող   աշակերտի համար ասիկա լիարժէք դասընթաց է. կողքէն ոեւէ մէկը չի խանգարեր, աշակերտը անհատապէս ուսուցիչի հետ կ’աշխատի։ Բնականաբար, ով սորվելու ցանկութիւն չունի, անոր համար քիչ մը դժուար է։

Իմ կարծիքով, հեռավար ուսուցման կազմակերպումը բարձրացուց ուսուցիչի հեղինակութիւնը այն առումով, որ ծնողը մօտէն տեսաւ, թէ ուսուցիչը ինչքան ջանք ու կորով կը ներդնէ անոր երեխան կրթելու համար: Հարթակը նաեւ դարձաւ ծնողներու, աշակերտներու միաւորման առիթ. ծնողներն ու մանկավարժական աշխատակազմը մտերմացան: Ծնողները Viber-ին տեսանիւթեր կը ղրկեն, թէ երեխաները ինչպէս պատրաստուած են դասին, կատարած գրաւոր առաջադրանքը: Ելեկտրոնային դասարանէն ներս կը տիրէ առողջ մրցակցութիւն։

Իմ կարծիքով, ասիկա հեռանկարային գործընթաց է: Ճիշդ է, անիկա   սկսած է դժուար պահերուն, խնդրայարոյց եղած է, բայց միեւնոյն ժամանակ սահմանամերձ գիւղերու համար ասիկա հնարաւորութիւն է, որ մասնագէտ չըլլալու պարագային  աշակերտները չտուժեն. Դպրոցի մէջ կարելի է կազմակերպել հեռավար ուսուցումը այն առարկաներու, որոնց մասնագէտը դպրոցը չունի: Նման դասեր յաջողութեամբ կը կիրառուին նաեւ աշակերտի տեւական բացակայութեան պարագային:

Հեռավար կարգով լուծուեցան նաեւ կազմակերպական շատ հարցեր… Այս հարթակին մէջ կրցանք իրականացնել առարկայական մեթոտմիաւորումներու նիստերը, մանկավարժական խորհուրդի ժողովը, հանդիպումներ ծնողական խորհուրդի կազմի հետ եւ այլն:

Ուսուցիչներէն ոմանք այն կարծիքին են, որ առցանց հարթակներուն միանալու համար, որոշ երեխաներ կ’ունենան տեխնիկական խնդիրներ, սակայն կ’աշխատինք, որ խոչընդոտներ չյառաջանան, եւ ոեւէ աշակերտ դուրս չմնայ ուսման գործընթացէն։ Բնականաբար, բացեր կան, բայց, կը կարծեմ, հետեւութիւններ կ’ընենք բոլորս՝ կրթութեան վիճակը  աւելի բարելաւելու շահախնդրութեամբ:

Հեռավաար ուսուցումէն դուրս չեն մնար նաեւ մեր մանկապարտէզի սաները եւ  ներառական կրթութեան կարիք ունեցող երեխաները։ Անոնց հետ անհատական աշխատանք կը տանին մանկավարժներն ու դպրոցի հոգեբանը:

Որպէս թերութիւն ուսուցիչները միաբերան կ’արձանագրեն այն փաստը, որ շատ երկար ժամանակ համակարիգչի առջեւ նստած կը մնան թէ՛ իրենք եւ թէ՛  աշակերտները: Բոլոր նոր հնարաւորութիւններով հանդերձ՝ հեռավար ուսուցման միւս բացն ալ այն է, որ այստեղ կը բացակայի կենդանի շփումը, չկայ այն զգացական դաշտը, որ կը ստեղծուի դասարանի մէջ աշակերտ-ուսուցիչ անմիջական շփման ժամանակ:

Կարեւոր դիտարկում մը եւս. բոլորս կարօտցած ենք երեխաներու աղմուկին, վազքին,  ծիծաղին. շարժ չկայ:

Ակնյայտ է, որ հեռավար ուսուցման ժամանակ կը մեծնայ ծնողներու մասնակցութիւնն ու դերը: Բարձր դասարաններու պարագային, այս առումով ծնողները դժուարութիւն ունին, մինչդեռ տարրական դասարաններուն, անշուշտ, աւելի հեշտ  է աշակերտները պահել համակարգիչի առջեւ, եւ այնքան մեծ է ծնողներու աջակցութիւնը, եւ այնքան բարձր՝ երեխաներու գիտակցութիւնը, որ կէս խօսքէն կը հասկնան ըսածդ, երբ պէտք է, բարձրախօսը կ’անջատեն, երբ պէտք է՝ կը միացնեն, ու կը պատասխանեն։

Նկատելի է նաեւ ծնողներու լուրջ դերն ու տեղը հեռավար ուսուցման գործին մէջ: Նոր իրողութիւնը եւս հնարաւորութիւն մըն էր, որ ծնողը զգայ, հասկնայ, աւելի ուշադիր ըլլայ իր երեխայի նկատմամբ, որովհետեւ ինքն ալ անոր դասը կը լսէ, կը տեսնէ՝ ինչ աշխատանք կը տանի ուսուցիչը, կը նկատէ իր երեխայի աշխատասիրութիւնը կամ անտարբերութիւնը, լաւ եւ թոյլ կողմերը։ Յուսանք, որ  այսպիսի «մերձաւորութեան» արդիւնքով   ծնողները շատ բաներ կը վերաարժեւորեն եւ աւելի ուշադիր կ’ըլլան:

Վերջին դիտարկում մը եւս. նոր իրողութեան պայմաններու մէջ հեռավար դասընթացի կազմակերպումը մանկավարժներէն անհամեմատ աւելի երկար ժամանակ կը պահանջէ: Եթէ անոնք սովորաբար կ’աշխատէին մինչեւ ժամը 15.00, ապա հիմա կ’աշխատին մինչեւ ուշ գիշեր: Յանձնարարութիւնները կը ղրկեն երեխաներուն, ապա կը ստանան, ստուգում, նշումներ, ուղղումներ կ’ընեն, կը վերադարձնեն, սահմանուած ժամուն հեռավար դաս կ’ընեն, կը հետեւին ելեկտրոնային մատեանին, եւ այդ գործընթացը շարունակական է: Կազմակերպական առումով աշխատանքը բարդացած է: Երբեմն աշակերտները պատճառաբանութիւններ կը գտնեն դասէն խուսափելու, ուսուցիչը պէտք է պատրաստ ըլլայ կողմնորոշուելու նաեւ այդպիսի պահերուն: Բնականաբար, ան չի կրնար 100 տոկոսով հետեւիլ, թէ ով ինչպէս կ’օգտագործէ դասի ժամը, սակայն մէկ բան պարզ է՝ մենք պարտաւոր ենք ուղղորդելու  ու քանի որ հիմա  տունն ենք, կրնանք աւելի մեծ հետեւողականութիւն դրսեւորել, տեսնել, թէ մեր երեխաները ինչպէ՞ս կ’օգտուին համացանցէն, եւ ծնողները ինչքանով հետաքրքրուած են իրենց երեխաներու ուսումով:

Պսակաձեւ ժահրի վտանգի այս շրջանն անհրաժեշտ է օգտագործել հեռավար կրթութեան հնարաւորինս տարբերակուած փորձարկումներ կատարելու համար, ինչը իր հերթին կ’օգնէ ապագային հեռավար ուսուցման կատարելագործուած համակարգ մշակելուն։

Մէկ բան արդէն ակնյայտ է. Պսակաձեւ ժահրի համավարակը բոլորովին ալ դատավճիռ չէ եւ գուցէ նոյնիսկ խթան է՝ ուսման գործընթացի կազմակերպման նոր ձեւերու, նոր հեռանկարներու համար:

Կը մնայ լաւատես ըլլալ եւ հարստացնել մեր կրթական նախակէտը:

Մելանիա Գեղամեան

«Հայ կրթութիւն» կրթական հիմնադրամի տնօրէն, մ.գ.թ.

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...