Պրազիլի Տիրամայրը եւ Տեղի Ունեցած Հրաշքները

Ամէն տարի․ Հոկտեմբերի 12-ին, Պրազիլ կը նշէ ազգային, պետական և կրօնական մեծ տօն մը,  ՛՛Nossa Senhora Aparecida՛՛ – ի տօնը, որ թարգմանաբար կը նշանակէ «Յայտնաբերուած Մեր Տիկնոջ – Աստուածամօր» տօնը,  որ ունի 300 տարիներ առաջ պատահած, հետաքրքրքկան եւ հրաշքի հետ առընչուող պատմութիւն մը։

1717 թուականին, Սաօ Փաօլօ նահանգի մէջ,  Սաօ Փաօլօ քաղաքէն  176քմ․ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Կուարաթինգուեթա քաղաքի մօտակայքի  Բարաիպա տու Սուլ գետի վրայ․ այդ oր աշխատանքի ելած էին երեք ձկնորսներ, Ժօա Ալվէզ, Ֆելիպի Բետրոզօ եւ Տոմինկօս Կարսիա։ Այդ օրը շատ կարեւոր օր էր այդ քաղաքին համար, որովհետեւ պիտի հիւրընկալէին,  իրենց առաջին անգամ այցի եկող, Տոն Բետրօ տէ Ալամէյտան – Ասսումարի Կոմսը, որ Փորթուկալը ներկայացնող  նորանշանակ Կառավարիչն էր Սաօ Փաօլօ եւ Մինազ Ժերայզ նահանգներու։

Ձկնորսները շատ երկար կը փորձէին, բայց ձուկ չկար․․․․ յանկարծ, Ժօա Ալվէզի ուռկանին մէջ յայտնուեցաւ –այս պատճառով ալ անունը՛ յայտնաբերուած- կաւով թրծուած փոքր մարմին մը, երկրորդ փորձին յայտնուեցաւ գլուխը, իսկ երբ գլուխը մարմնին միացուցին արձանը տարօրինակօրէն չափազանց ծանրացաւ, որովհետեւ երրորդ փորձին արդէն ուռկանը կը յորդեր ձուկերով։ Պատահածը հրաշքի համազօր էր, գտնուած արձանը որ միայն 36սմ էր եւ 2․5քլկ կը կշռէր,  Անարատ Յղութեան Տիրամայրը կը ներկայացնէր, քաղաքը սուրբ մը շահած էր, հրաշքներու եւ ուխտաւորներու շարանը հաւաքուած էր․․․

1745 թուականին, այդ վայրի մէջ, կառուցուեցաւ փոքր Մատուռ մը։

Հարիւրարւոր դէպքեր կը պատմուին այդ առընչութեամբ, յիշենք մէկ քանին։

1850 թուականին,երբ տակաւին Պրազիլի մէջ ստրուկներ սեփականացնելու սովորոյթը կը պահուէր,  Զաքարիաս անունով ստրուկ մը, ծանր շղթաներով կաշկանդուած եկեղեցւոյ մօտէն կ՛անցնէր, ան հրաման կը խնդրէ իր տիրոջմէն  մտնելու եւ աղօթելու, եւ յանկարծ աղօթքի պահուն շղթաները յանկարծակի կը բացուին ու կ՛իյնան եւ այդպէս, Զաքարիաս կը ստանայ իր ազատութիւնը։

1905ին, ի ծնէ կոյր  աղրջնակ մը, Վազ տէ Ժապուդիգապա ընտանիքէն,  Պրազիլի հեռաւոր մէկ անկիւնէն կը բերուի սրբատեղի, երբ կանգ կ՛առնեն, աղջիկը յանկարծ ինչ գեղեցիկ է այս եկեղեցին կը գոչէ․․․ տեսնել սկսած էր։

Այդտեղ կուտակուած հարիւր հազարաւոր նուէրներ եւ յուշանուէրներ կը վկայեն ստացուած անթիւ շնորհներու եւ հրաշքներու մասին, անոնք երկար տարիներէ ի վեր հաւատացեալ ժողովուրդին երախտագիտութեան հաւաստիքն են։

Անցնող երեք հարիւր տարիներու ընթացքին, վերիվայրումներ շատ եղան այս արձանին հետ կապուած։

1888 թուականին, փոքր Մատրան շուրջ սկսաւ եկեղեցւոյ մը կառուցումը որ շարունակուեցաւ մինչեւ 1955 եւ այժմ այդ համալիրը Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճառէն ետք, Կաթողիկէ  Եկեղեցւոյ  պատկանող աշխարհի ամէնէն մեծ կառոյցն է իսկ Տիրամօր նուիրուած մեծագոյն կեդրոնն է աշխարհի մէջ։ Այդտեղ, միաժամանակ կրնան տեղաւորուիլ 45․000 ուխտաւորներ իսկ տարեկան միջին հաշուով 12 միլիոն ուխտաւորներ կ՛այցելեն կեդրոն։

1888, Ապրիլ 20-ին, Տոն Պետրօ Ա․ այցելած է ուխտատեղին եւ 6 Նոյեմբեր  1888-ին, իշխանուհի Իզապէլլա ադամանդակուռ եւ սուտակներով զարդարուած ոսկեղէն թագ մը, նաեւ կապոյտ թաւշեայ․ ոսկեթել բանուածքով թիկնոց մը նուիրած է Տիրամօր արձանին։

Տաճարին պաշտօնական օծումը կատարուած է 1904 թուականի Սեպտեմբեր 8-ին, ներկայութեամբ երկրի նախագահ Ռիգարտօ Ալվեսի։

1908 թուականի Դեկտեմբեր 17-ին, եկեղեցւոյ անմիջական շրջապատը բաժնուեցաւ սկիզբը նշուած Կուարարաթինկուեթա քաղաքէն եւ վերանուանուեցաւ Աբարեսիտա (Յայտնուած) ի պատիւ Յայտնաբերուած Տիրամօր։

1930 թուականի Յուլիսի 16-ին, Հռոմի Պիոս ԺԱՔահանայապետը յայտնաբերուած Աստուածամայրը հռչակեց Թագուհի եւՀովանաւոր Պրազիլի իսկ 1951-ին Պրազիլի նախագահ Ժեդուլիօ Վարկաս պաշտօնականացուց այդ յորջորջումը։

1955-ին, Պրազիլի Սիւնոդոսը որոշեց Յայտնաբերուած Մօր  գտնուելու տօնը կատարել Հոկտեմբերի 12-ին, որ նաեւ մանուկներու Տօնն է, Պրազիլի մէջ։

1967ին, Սրբավայրի հիմնուելու 250-ամեակին առթիւ, Պօղոս Զ. Քահանայապետը ոսկեայ վարդ մը նուիրաբերեց Կեդրոնին, 2007-ին, նոյնանման նուիրատուութիւն մը կատարեց Պենեդիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, իսկ 3-րդ ոսկեայ վարդը նուիրեց այժմու Ֆրանսիսկոս Քահանայապետը, այս տարի, Ուխտատեղիի հիմնումին 300-ամեակին առթիւ։

1978-ին, փոթորկոտ օր մը, հոգեպէս հիւանդ անձ մը, Սրբավայր ներխուժելով, գետին նետեց Տիրամօր արձանը, որ վերածուեցաւ 200 հարիւրէ աւելի փշրանքներու, բայց նոյն տարուան ընթացքին, անմիջապէս, Սաօ Փաօլոյի Արուեստի Թանգարանը վերականգնեց զայն, այնուհտfu   ապահովութեան աւելի խիստ միջոցներ սկսան գործադրուիլ։

Իսկ 1980 Յունիս 30-ին, երկրին վերջին զինուորական նախագահ, զօրավար Ֆիկերետոն, 12 Հոկտեմբերo,  հռչակեց ազգային տօն։

Ամէն տարի, Հոկտեմբեր 12-ին, առաւօտեան արեւածագին կը սկսին տօնական պատրաստութիւնները, որովհետեւ, հարիւր հազարաւոր ուխտաւորներ համաձայն իրենց խոստման, մեծաւ մասամբ  ոտաբոբիկ, քալելով կ՛երթան դէպի Աբարեսիտա, ի տես այդ բազմութեան, որ կարծես ծովու ալիքի նման կը յառաջանայ դէպի այդ սրբագործուած, միայն 2․5 քիլօ կշռող, փոքր կաւէ արձանիկը, որ դարձած է 210 միլիոն բնակիչ հաշուող երկրի մը մեծագոյն բարոյական ներկայացուցիչը, կը մնայ միայն հիանալ այդ բազմութեան հաւատքի զօրութեան վրայ եւ համոզուիլ որ պատմուած հրաշքները  իրաւամբ պատահած են։

Նիւթը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ին տրամադրեց՝

Յովսէփ Սէֆէրեան (Պրազիլ)

 

 

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...