Սասունցի Դաւիթ

Լսա՞ծ էք Սասունցի Դաւիթի մասին…

Գիտէ՞ք, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդ ունի իր դիւցազնավէպը (էպոսը), այսինքն ժողովուրդի կողմէն ստեղծուած հերոսներու մասին պատմութիւն. Ժողովուրդը զինք  բնորոշող լաւագոյն գիծերը կը դնէ այդ հերոսին մէջ եւ անոր մասին հերոսական պատմութիւն կը ստեղծէ, այդ մէկը կը կոչուի դիւցազնավէպ։

Հայկական դիւցազնավէպը կը կոչուի «Սասնայ Ծռեր», յաճախ կ’անուանեն նաեւ «Սասունցի Դաւիթ», քանի որ հայ ժողովուրդի բնաւորութեան գիծերու մեծ մասը ներկայացուած է էպոսի գլխաւոր հերոս Դաւիթի մէջ։

Երբ կը մահանայ Դաւիթի հայրը՝ Մհերը, Սասուն երկիրը կը մնայ առանց առաջնորդի։ Այդ ժամանակ Սասունէն բացի կար նաեւ ուրիշ հզօր երկիր մը՝ Մսըր անունով։ Մսրա երկրի թագաւոր Մելիքը, զօրք հաւաքած էր եւ կ’ուզէր գրաւել Սասունը։ Մանուկ Դաւիթը, որ արդէն յայտնի էր իր ուժով ու խիզախութեամբ, կը հեծնի հօր ձին՝ Քուռկիկ Ջալալին, կու գայ մարտի դաշտ եւ կը կանչէ…

Ով քնացած է՝ թող արթուն կենայ,

Ով արթուն է՝ ձի թամբեցէք,

Ով թամբած է՝ զէնքեր կապէք,

-Չըսէք Դաւիթ գող-գող եկաւ,

Գող-գող գնաց։

Կը սկսի Դաւիթի եւ Մելիքի մենամարտը։ Կ’ըսեն, երբ հսկաները հանդիպեցան, երկիրն ու երկինքը կարծես իրարու խառնուեցան։ Անոնք համաձայնած էին, որ իւրաքանչիւրը պիտի հարուածէ երեք անգամ։ Առաջինի երեք զարկը Մելիքինն էր որոնց Դաւիթ խիզախաբար դիմացաւ։ Երբ կարգը հասաւ Դաւիթին, Մելիքի մայրը եկաւ ու խնդրեց որ առաջին հարուածը իրեն հասցնէ, երկրորդ զարկը Դաւիթը նուիրեց Մելիքի քրոջը։ Մնաց միայն մէկ զարկի հնարաւորութիւն, որուն ժամանակ ալ Դաւիթը իր հզօր հարուածով գետին տապալեց Մելիքը եւ ազատեց Սասունը։

Դիւցազն= Հերոսաստուածներու եւ մարդոց միաւորութենէ ծնած քաջ

խիզախութիւն= քաջութիւն

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...