Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօն Եւ Խաղողօրհնէք

Մարիամ Աստուածածնայ կամ Վերափոխման տօնը, հայեկեղեցւոյ 5 կարեւոր տօներէն մէկն է։ Հայերը այս տօնը կընշեն Օգոստոս15-ի մօտալուտ կիրակի օրը։

Ըստ հայկական եկեղեցւոյ, երբ Մարիամ կը մահանայ, Բարդողիմէոս առաքեալ ներկայ չ՛ըլլար թաղման. վերադառնալէն ետք, կ՛ուզէ տեսնել Յիսուսի մօր երեսը. դագաղը կը բանան եւ կը տեսնեն որ Մարիամի մարմինը չկայ։Այսպիսով կը յայտարարուի տիրոջ կողմէ Մարիամինպարգեւուած մեծամեծ շնորհքներու մասին, որոնցմէ մէկն էվերափոխումը, այսինքն՝ մահէն ետք հոգիով եւ մարմնովերկինք վերափոխուիլը։

Աստուածածնայ այս տօնի սուրբ պատարագէն ետք, հայեկեղեցին կը կատարէ խաղողօրհնէք։ Կ՛օրհնուին առաջինբերքի խաղողները, որպէս երկրին պարգեւուած առաջինպտուղը։ Խաղողի ողկոյզը ամենաօրհնուած պտուղն է, քանիոր Տէրը խաղողի որթը, պատուեց առաւել քան միւս տնկիները, եւ ինքզինք Խաղողի որթ անուանելով ըսաւ . «Ես եմ ճշմարիտորթատունկը»։

Գինին կը խորհրդանշէ Յիսուսի արիւնը, որուն միջոցովազատեցանք մեղքերու ծառայութենէն եւ մահէն:

Աշխարհի բոլոր բոյսերու մէջ ամենամեծ տեսականին ունիխաղողը։ Գոյութիւն ունի խաղողի 8000 տեսակ: Հայաստանիմէջ խաղողագործութիւնը շատ հին ծագում ունի: Դեռ Ք.ա. 10-9-րդ դարերուն ուրարտացիները ունեցած են զարգացածխաղողագործութիւն։ Այդ մասին կը վկայեն սեպագիրարձանագրութիւնները, Արենիի քարանձաւին մէջյայտնաբերուած մառանները, կարասները եւ գինեգործականպարագաները:

Խաղողը Հայաստանի խորհրդանիշներէն մէկն է. առասպելինհամաձայն՝ մարդկութիւնը բացայայտեց գինին այնժամանակ, երբ Նոյ նահապետը ջրհեղեղէն ետք Արարատլերան ստորոտին տնկեց խաղողի առաջին որթը:

Խաղ

կազմեցէք այս խճանկարը «Նոյ նահապետ կը տնկէ առաջին որթատունկը»

 

Բառարան

Վերափոխում= փոփոխում, երկինք վերանալ

Բերք=հունձք

Պարգեւ=նուէր, ընծայ

Տունկ= պտղատու բոյս

Որթատունկ=խաղողի տունկ

Սեպագիր=գամի ձեւով գրութեան տեսակ

Քարանձաւ=քարայր

Մառան=ամբարանոց

Կարաս=հողէ մեծ աման 

Գինեգործ=գինի պատրաստող

Ջրհեղեղ=հեղեղային անձրեւ

Ստորոտ=վարի մաս, եզերք

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...