Վահաքն Վիշապաքաղ

Հայոց ամենէն քաջ թագաւորն էր Վահագն: Բոլորը կը վախնային անկէ: Ան չէր ձգեր որ թշնամիները մօտենան Հայաստանին:

Վահագն անվախ էր եւ մեծ քաջութիւններ կը գործէր: Ան կը կռուէր վիշապներու հետ եւ կտոր-կտոր կ’ընէր զանոնք:

Անոր համար ալ կոչուեցաւ Վահագն Վիշապաքաղ։

Անգամ մը, ձմեռ ժամանակ, Հայաստանի ձիերուն յարդը պակսեցաւ: Վահագն գնաց Ասորեստան, ուր շատ խոտ կար:

Իր հսկայ թեւերով շալկեց Ասորեստանի թագաւորին կալերուն մէջ գտնուող յարդերը եւ թռչելով բերաւ Հայաստան,

որպէսզի Հայաստանի ձիերը անօթի չմնան.: Յարդերը թափթփեցան երկինքին վրայ եւ կազմեցին լուսաւոր ճամբայ մը:

Մինչեւ հիմա, գիշերները, երկինքին վրայ կ’երեւի այդ ճամբան, որ կը կոչուի «Յարդգողի Ճամբայ» կամ «Ծիր կաթին»:

Իրականութեան մէջ Վահագնը Հայոց դիցարանի երրորդ աստուածն էր,

Վահագն Վիշապաքաղը ամպրոպի ու կայծակի աստուածն էր, որմէ թագաւորներն ու զօրավարները քաջութիւն կը խնդրէին,

սակայն ան այնքան սիրուած էր, որ աւելի ուշ մարդու կերպարանք տուին անոր եւ յիշեցին որպէս թագաւոր։

Պատասխանեցէք հարցումներուն

-Վահագն վիշապաքաղը թագաւո՞ր էր, թէ Աստուած

Վահագնը Հայոց դիցարանի երրորդ աստուածն էր, սակայն ան այնքան սիրուած էր,

որ աւելի ուշ մարդու կերպարանք տուին անոր եւ յիշեցին որպէս թագաւոր։

-Վահագն ինչի՞ Աստուած էր

Վահագն ամպրոպի եւ կայծակի աստուածն էր:

-Թագաւորները ի՞նչ կը խնդրէին Վահագնէն

Թագաւորներն ու զօրավարները քաջութիւն կը խնդրէին Վահագնէն:

Վահագն ինչպէ՞ս անօթութենէն փրկեց ձիերը

Վահագն գնաց Ասորեստան, ուր շատ խոտ կար: Իր հսկայ թեւերով շալկեց

Ասորեստանի թագաւորին կալերուն մէջ գտնուող յարդը եւ թռչելով բերաւ Հայաստան:

Վահագն ինչո՞ւ կոչուած է վիշապաքաղ

Վահագն վիշապաքաղ կոչուեցաւ , որովհետեւ այնքան քաջ էր, որ վիշապներու հետ կը կռուէր:

Ի՞նչ է յարդգողի ճամբան

-Վահագնի բերած յարդերը թափեցան երկինքի վրայ եւ կազմեցին լուսաւոր ճամբայ մը,

որ կը կոչուի «Յարդագողի Ճամբայ» կամ «Ծիր կաթին»:

Խաղ կազմեցէք Վահաքն Վիշաշաքաղի խճանկարը

Խաղ. Կազմեցէք Վահագն Վիշապաքաղի Խճանկարը

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...