Վարդան Մամիկոնեանի Ճառը

«Շատ պատերազմներ մղած եմ ես եւ դուք ալ ինծի հետ. տեղ կար, որ քաջաբար յաղթեցինք

թշնամիները, տեղ ալ կար, որ իրենք յաղթեցին մեզ. բայց աւելի շատ այն է, որ յաղթող ենք եւ

ոչ թէ յաղթուած (պարտուած): Բայց այդ բոլորը մարմնաւոր պարծանք էր, որովհետեւ անցաւոր

թագաւորի հրամանով կը մարտնչէինք: Իսկ արդ, եթէ մահկանացու հրամանատարի համար

այդպիսի քաջ գործեր կը կատարէինք, ինչքա՛ն աւելի եւս պէտք է կատարենք մեր անմահ թագաւորի

համար, որ տէրն է կենդանիներու եւ մեռելներու եւ բոլոր մարդոց պիտի դատէ իրենց գործերու

համեմատ: Չէ՞որ եթէ խիստ շատ ապրելով ծերանանք, միեւնոյնն է՝ այս մարմնէն պէտք է բաժանուինք,

որպէսզի մտնենք կենդանի Աստուծոյ մօտ, որմէ այլեւս պէտք չէ բաժանուինք:
Արդ, կ’աղաչեմ ձեզի, ո՛վ իմ քաջ նիզակիցներ. մանաւանդ որ ձեզմէ շատերը քաջութեամբ ինձմէ աւելի

վեր էք եւ հայրենական գահի պատուով՝ աւելի բարձր. բայց երբ ձեր յօժար կամքով զիս կարգեցիք ձեզ

առաջնորդ եւ զօրագլուխ, թող իմ խօսքերս ախորժալուր եւ բաղձալի թուին մեծերուդ ու փոքրերուդ

ականջներուն: Չերկնչինք ու չվախնանք հեթանոսներու բազմութենէն եւ ո՛չ ալ մահկանացու մարդու

ահռելի սուրի դէմ թիկունքներս դարձնենք. որպէսզի եթէ Տէրը յաղթութիւնը մեր ձեռքը տայ, ոչնչացնենք

անոնց զօրութիւնը, որպէսզի բարձրանայ ճշմարտութեան կողմը. իսկ եթէ հասած է ժամանակը մեր կեանքը

սուրբ մահով աւարտելու այս պատերազմին, մահը ընդունինք ուրախ սրտով, միայն թէ արիութեան ու

քաջութեան մէջ վախկոտութիւն չխառնենք:

Իսկ արդ, երկու եւ երեք կռիւներու մէջ ինքը Տէրը մեծ զօրութեամբ օգնեց մեզի, այնպէս որ քաջութեան

անուն ժառանգեցինք եւ արքունի զօրքը չարաչար ջարդեցինք, մոգերն ալ անողորմ կերպով կոտորեցինք

եւ կռապաշտութեան պղծութիւնը մի քանի տեղերէ սրբեցինք, թագաւորի անօրէն հրամանը ջնջեցինք-ոչնչացուցինք, ծովու խռովութիւնը իջեցուցինք, լայնցած ալիքները դաշտացան, բարձրադէզ փրփուրը

սպառեցաւ, գազանացած զայրոյթը դադրեցաւ: Ան, որ ամպերու վրայէն կ’որոտար, ընկճուած իր

սովորական բնութենէն ալ իջաւ մեզի հետ խօսելով: Ան, որ խօսքով ու հրամանով կ’ուզէր կատարել իր

չարութիւնը սուրբ եկեղեցւոյ վերաբերմամբ, այժմ աղեղով ու նիզակով ու սուրով կը կռուի: Ան, որ կը

կարծէր, թէ մենք քրիստոնէութիւնը իբրեւ զգեստ ունինք հագած, այժմ չի կրնար մեզ փոխել ինչպէս

մարմնի գոյնը կարելի չէ, գուցէ այլեւս չկարենանք ալ մինչեւ վերջ: Որովհետեւ ասոր հիմքերը հաստատ

կերպով դրուած են անշարժ վէմի վրայ, ո՛չ թէ երկրի վրայ, այլ վերը՝ երկնքի մէջ, ուր ո՛չ անձրեւներ կու գան,

ո՛չ քամիներ կը փչեն եւ ոչ ալ հեղեղներ  կը յարուցանեն: Եւ մենք ալ, թէպէտեւ մարմնով երկրի վրայ ենք,

բայց հաւատքով հաստատուած ենք երկնքի մէջ, ուր ոչ ոք կրնար հասնիլ Քրիստոսի անձեռագործ

շինուածքին»:

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...