Վարդավառ-Պայծառակերպութիւն

Հին ժամանակ Վարդավառի տօնը նուիրուած էր Աստղիկ դիցուհիին, որ սիրոյ եւ պտղաբերութեան աստուածուհին էր, եւ քանի որ Աստղիկ ծնած էր ջուրի փրփուրներէն, Վարդավառի օրը մարդիկ իրարու վրայ ջուր կը ցօղէին, հաւատալով, որ ջուրը երջանկութիւն կը բերէ իրենց:

Վարդավառը խեթերէն բառ է, որ կը նշանակէ ջուր ցօղել, վարդ=ջուր, վառ=ցօղել, թրջել, վարդ+վառ=ջուր ցօղել, թրջել:

Վարդավառը ժողովուրդին կողմէ շատ սիրուած տօն էր եւկը նշուէր մեծ տօնախմբութեամբ։ Քրիստոնէական շրջանին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տեսնելով, որ անհնար էայդ տօնը վերացնել հայկական աւանդոյթներէնզայն փոխարինեց  մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի այլակերպութեան կամ պայծառակերպութեան տօնով, որ դարձաւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկը:

Օր մը Յիսուս իր երեք աշակերտներուն հետ  Թափօր լեռ բարձրացաւ՝ իր հօր աղօթելու համար, երբ սկսաւ աղօթել անոր երեսը այլակերպուեցաւ, պայծառ լոյսի պէս եւերեւաց իր Աստուածային փառքով, այստեղէն ալ ծնունդ առաւ տօնի այլակերպութիւն կամ պայծառակերպութիւն անուանումը:

Այժմ Վարդավառը կը նշուի, որպէս եկեղեցական տօն, ջուր ցօղելու սովորոյթը շարունակուեցաւ, եկեղեցին ջուրը համարեց մաքրութեան խորհրդանիշ, իսկ վարդավառ անուանումը կապեց  վարդ արմատին հետ. Յիսուս պայծառակերպուելով, վարդի պէս անուշահոտութիւնբուրեց եւ վառ լոյս սփռեց իր շուրջ։

Դիցուհի=աստուածուհի

Պտղաբերութիւն=պտուղ տալ

Ցօղել=ցանել, թրջել

Անհնար=անկարելի

Վերացնել= հանել, վերցնել

Աւանդոյթ= սերունդէ սերունդ անցած սովորութիւն

Կերպարանափոխութիւն=կերպարի փոփոխութիւն

Տաղաւար= եկեղեցւոյ գլխաւոր տօն

Թափօր=Իսրաէլի մէջ գտնուող լեռ

Համարել=նկատել

Սփռել=տարածել

Խաղ
Կազմեցէք Վարդավառի խճանկարը

Խաղ. Կազմեցէք Վարդավառի խճանկարը

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...