Կը մօտենայ ամենաջրային ու բոլորիս կողմէն սիրելի Վարդավառը, ժամանակն է պարզելու տօնի հնագոյն արմատներն ու խորհուրդը:
Իսկ համարձակներուն եւ նորարարութեան սիրահարներուն Հայկաշխարհը կ’առաջարկէ այս տարի տօնը այս կերպ նշել:
Տօնը կը նշուի Զատիկէն 98 օր ետք՝ կը համարուի շարժական տօն (Յունիս 28-էն մինչեւ Օգոստոս 1 ինկած որեւէ Կիրակի):
Տաւուշի մարզի մէջ անիկա կը նշուի անփոփոխ՝ Յուլիս 25-ին:
Եկեղեցական տօնացոյցի մէջ անիկա կը կոչուի այլակերպութեան կամ պայծառակերպութեան տօն:
Տօնը ունի հնագոյն արմատներ, կ’ուղեկցուի ուխտագնացութեամբ դէպի լեռներ՝ջուրի ակունքներ :
Տօնը ունեցած է յատուկ արարողակարգ եւ յաջորդականութիւն.
Ջուր ցօղել,
Աղաւնի թրցնել,
Ծաղիկներ նուիրել,
Եկեղեցի հասկեր տանել եւ օրհնել,
Զոհաբերութիւն:
Իրարու վրայ այդ օրը ջուր ցօղելը անհրաժեշտութիւն էր՝ կապուած էր պտղաբերութեան եւմաքրութեան հետ:
Աղաւնի թրցնելը տօնի մէկ մասն էր կը կապուէր Նոյի աղաւնի արցակելու հետ :
Ծաղիկները սիրոյ խորհրդանիշն էին, գլխաւորաբար կը նուիրէին վարդեր, որոնք կապուած էին սիրոյ աստուածուհի Աստղիկի պաշտանմունքի հետ, քանի որ Աստղիկը յայտնի էր նաեւ վարդամատն Աստղիկ անունով:
Տօնին հասկեր կը տանէին եկեղեցի օրհնելու, որովհետեւ այս շրջանին էր, որ կը հասունէր բերքը եւ մարդիկ շնորհակալութիւն կը յայտնէին աստծուն առատ բերքի համար:
Տօնին մատաղը պարտադիր էր, եւ կը բաժնուէր համայնքի անդամներուն:
Վարդավառը կ’ուղեկցուէր երգ ու պարով, աւանդական կերակուրներու համտեսումով: Այս տօնի ծիսական կերակուրներէն կը համարուի կոնջոլը, որ սոխարածով, հաւկիթով ու հացով պատրաստուած ապուր է:
Ընդունուած ուխտատեղիներէն էր Վիշապաքարերը: Օրինակ ՝ Վարդենիսի բնակիչները, այդ օրը ուխտի կ’երթային Կարճաղբիւր գիւղի մէջ գտնուուղ Դաշկափուն (քարէ դուռ) ուխտատեղին:
Իսկ Շամշատինի մէջ ընդունուած էր, այդ օր ճանապարհները փակել եւ գումար աշխատիլ:
Նիւթը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար պատրաստեց՝
Հայկուհի Մուրատեան