Տորք Անգեղ. Հայկաշխարհի Առասպելները

Հայկի թոռներուն մէջ շատ նշանաւոր եղաւ Տորք Անգեղը:

Անգեղ կը նշանակէ տգեղ մարդ:

Տորք Անգեղ երկարահասակ հսկայ մըն էր, այնքան ուժով՝ որ կրնար մեծ ժայռեր փրցնել եւ երկինք նետել:

Շատ անգամ կարծր քարերը իր հաստ ու երկար եղունգներով կը փորէր ու անոնց վրայ արծիւի կամ ուրիշ կենդանիներու պատկերներ կը գծէր:

Տորք Անգեղ կը քնանար բաց երկնքի տակ, երբ Արեւն ու անձրեւը զինք շատ կը նեղէին, ճերմակ արծիւ մը կու գար եւ կը պաշտպանէր Տորքը՝ անոր վրայ տարածելով իր հսկայ թեւերը:

Տորք Անգեղ պատանի տարիքէն հովիւ եղած էր։ Առիւծն ու վագրը, երբ տեսնէին զինք, ընտանի շունի պէս կու գային իր մօտ եւ կը կարծէին, թէ Տորքը գազան մըն է իրենց պէս։

Տորք բարի էր, կը սիրէր գազանները, կը խնամէր եւ կը շոյէր զանոնք եւ միշտ կերակուր կու տար անոնց: Տորքին անունը տարածուեցաւ ամէն կողմ: Հայոց Վաղարշակ թագաւորը ուզեց տեսնել զայն: Տորք երբ մտաւ թագաւորին քաղաքը. կարծես շարժող աշտարակ մը ըլլար: Ան գնաց խոնարհութիւն ըրաւ Հայոց թագաւորին առջեւ: Վաղարշակ թագաւոր շատ զարմացաւ եւ ըսաւ. – Տորք, դուն մէկ մարդ չես, այլ բանակ մը:

Տորք հիւր մնաց թագաւորին մօտ: Քանի մը օր ետք , ան բերաւ ժայռ մը եւ իր եղունգներով , վրան քանդակեց Վաղարշակ թագաւորին պատկերը: Հայոց թագաւորը հիացաւ Տորքի թէ՛ ուժին, թէ՛ խելքին, թէ՛ ձեռքի ճարտարութեան վրայ եւ թանկագին նուէրներ տուաւ անոր: Տորք Անգեղ զօրաւոր էր, միեւնոյն ժամանակ շատ բարի եւ խոնարհ էր։ Երբեք չէր բարկանար, բայց եթէ բարկանա՜ր,  շատ սաստիկ կը զայրանար։ Անգամ մը լուր բերին Տորքին,  թէ աւազակները ծովուն կողմը նաւակներով կու գան ու կը կողոպտեն խեղճ ժողովուրդը։ Այդ ծովը կը կոչուի Սեւ Ծով։ Տորք Անգեղ շատ բարկացաւ եւ գնաց ծովեզերք՝ պատժելու այդ չար աւազակները։ Աւազակները երբ լսեցին Տորքի անունը,  նստան իրենց նաւակները եւ փախան։ Տորք Անգեղ մռնչեց առիւծի պէս, անմիջապէս փրցուց հսկայ ժայռեր եւ նետեց փախչող աւազակներուն ետեւէն,  ալեկոծում մը եղաւ ծովուն վրայ։ Նաւակները շրջուեցան օրօրոցի պէս եւ մնացին ծովուն յատակը։ Բոլոր աւազակները մեռան։ Միայն  ազատեցաւ մէկը, որ գնաց իր երկիրը եւ պատմեց Տորքի մասին։ Անկէ ետք Սեւ Ծովուն կողմէն ոեւէ աւազակ չհամարձակեցաւ Հայաստան գալ։ Տորքի անունը տարածուեցաւ ամէն կողմ։

Պատասխանեցէք հարցումներուն

  –Ինչպիսի՞ մէկն էր Տորք

Տորք Անգեղ երկարահասակ հսկայ մըն էր, այնքան ուժով՝ որ կրնար մեծ ժայռեր փրցնել եւ երկինք նետել:

 –Ինչո՞ւ անգեղ կոչուեցաւ

Որովհետեւ Տորքը տգեղ էր, իսկ անգեղ կը նշանակէ տգեղ մարդ:

 –Ո՞վ  ուզեց տեսնել Տորքը

Հայոց Վաղարշակ թագաւորը ուզեց տեսնել զայն:

 –Տորքը ի՞նչ ըրաւ թագաւորին քով

Տորք բերաւ ժայռ մը եւ իր եղունգներով , վրան քանդակեց Վաղարշակ թագաւորին պատկերը:

 –Տորք քաջագործութիւն ըրա՞ւ

Անգամ մը լուր բերին Տորքին,  թէ աւազակները ծովուն կողմը նաւակներով կու գան ու կը կողոպտեն խեղճ ժողովուրդը։ Այդ ծովը կը կոչուի Սեւ Ծով։ Տորք Անգեղ շատ բարկացաւ եւ գնաց ծովեզերք՝ պատժելու այդ չար աւազակները։ Տորք Անգեղ մռնչեց առիւծի պէս, անմիջապէս փրցուց հսկայ ժայռեր եւ նետեց փախչող աւազակներուն ետեւէն,  ալեկոծում մը եղաւ ծովուն վրայ։ Նաւակները շրջուեցան օրօրոցի պէս եւ մնացին ծովուն յատակը։

Բառարան:-

Ընտանի = ոչ-վայրենի, տնային

Խնամել = հոգ տանիլ

Աշտարակ = բարձրաձեւ կառոյց

Խոնարհութիւն = համեստութիւն

Քանդակել =  արձան շինել

Հիանալ = սքանչանալ, զմայլիլ

Ճարտարութիւն = վարպետութիւն

Խոնարհ = հեզ, համեստ

Խոնարհութիւն= գլուխով բարեւ

Զայրանալ = բարկանալ

Աւազակ=գող

Մռնչիւն=առիւծի ձայն

Կողոպտել = գողնալ

Ալեկոծիլ  = զօրաւոր ալիքներ յառաջանալ

Խաղ. Կազմեցէք Տորք Անգեղի խճանկարը սեղմելով Այստեղ

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...