Տօնածառի Խորհուրդը

Դժուար է ըսել, թէ երբ սկսած է գործածուիլ Սուրբ Ծննդեան եղեւնին:

Կ’ենթադրուի, որ ան ծագած է Գերմանիայէն: Ըստ որոշ աղբիւրներու` 8-րդ դարուն անգլիացի միսիոներ Բոնիֆէյսը կ’որոշէ մշտադալար եղեւնի կանգնեցնել, որ կը խորհրդանշէր Քրիստոսի յաւիտենական ըլլալը: 16-րդ դարու վերջը, արդէն անոնք մեծ տարածում կը գտնեն ողջ Գերմանիոյ մէջ։ Ոմանք ալ կ’ըսեն, որ Լիւթեր եղած է առաջինը, որ Սուրբ Ծննդեան եղեւնի կտրած է:

Նոր տարուան խորհրդանիշ տօնածառի իւրաքանչիւր բաղադրիչ (մաս) ունի իր խորհուրդը.

Եղեւնին։ Նոր տարիին զարդարուող ծառը կեանք կը խորհրդանշէ, իսկ յատկապէս եղեւնին, որպէս մշտադալար ծառ՝ յաւերժութիւն։

Աստղը։ Ծառի գագաթին դրուող աստղը՝ աւետող աստղն է, որ կը խորհրդանշէ Յիսուսի ծնունդը, ինչպէս նաեւ Աստուած մարդ եւ մարդ Աստուած փոխյարաբերութիւնները։

Լոյսը։ Հաւատացեալ ժողովուրդն է, որ կը սփռէ Յիսուսի լոյսը։

Կարմիր Գնդակները։ Կը խորհրդանշեն կեանքն ու Յիսուսի արիւնը, որուն շնորհիւ փրկուեցաւ մարդկութիւնը։

Նիւթը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ին տրամադրեց  Ժագլին Պապախանի

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...