-«0» հասկացողութիւնը ի յայտ եկած է Հնդկաստանի մէջ, Քրիստոսէն 100 տարի առաջ Արեաբխատտայի կողմէն:
-Հնդկաստանը աշխարհի մէջ առաջին տեղը կը զբաղեցնէ մզկիթներու քանակով: Այնտեղ կառուցուած է մօտ 300 հազար մզկիթ:
-Աւելի քան 5000 տարի առաջ Հնդկաստանի մէջ ծնունդ առաւ ԵՈԿԱ-ն:
-Հնդկաստան՝ երկրի անգլիական անուանումն է: Հնդկերէնի մէջ երկիրը կ’անուանեն Բխարատ, իսկ մարդոց՝ բխարատցիներ: Բառը թարգմանաբար կը նշանակէ Իմաստութեան լոյս:
-Ժամանակակից Հնդկաստանը ունի 28 նահանգ, որոնք ունին ամբողջովին տարբեր լեզուներ, մշակոյթ ու սովորոյթներ:
-Հնդկաստանի մէջ կայ 18 պաշտօնական լեզու, բայց կառավարական կը համարուին երկուքը՝ անգլերէնն ու հնդկերէնը:
-Եւրոպական լեզուներու մեծ մասը, ինչպէս նաեւ ռուսերէնը հնդկական ծագում ունին: Առաջացած են հին հնդիկներու լեզուէն, որը կը կոչուէր սանսկրիտ:
-Հնդկաստանը կը համարուի 4 կրօններու հայրենիքը, որոնցմէ երկուքը՝ բուտտիզմը եւ հինդուիզմը, կը համարուին համաշխարհային: Իսկ միւս երկուքը՝ սիկխիզմը եւ ջայնիզմը, ստեղծուած են միջնադարեան ժամանակաշրջանին: