1999-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Փետրուար 21-ը հռչակեց Մայրենիի միջազգային օր` ի նպաստ մայրենի լեզուներու իրաւունքներու ճանաչման եւ գործածութեան աջակցման։
ՀՀ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն հայերէնն է: Պետական լեզու հռչակուած, իր ճիւղերով ու բարբառներով հարուստ հայերէնը, դարեր ի վեր եղած է հայ ժողովուրդի մայրենի լեզուն:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ- ի ուսումնասիրութիւններու համաձայն, աշխարհի 6000 լեզուներէն կէսը կրնան մօտ ժամանակներէն կորստեան ենթարկուիլ։
Գիտենք, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն արեւմտահայերէնը նոյնպէս վտանգուած կը համարէ, ուստի այս տօնը թող առիթ ըլլայ սթափելու, մտածելու դարերով պահպանուած ու մեզի ժառանգուած հայերէնը պահպանելու եւ զայն անաղա’րտ փոխանցելու յաջորդ սերունդներուն։