Փիղը ուզեց խրախճանք կազմակերպել: Գարեջուր եփեց կանչեց կենդանիները եւ ըսաւ.
-Այս գարեջուրը ես պէտք է հիւրասիրեմ միայն եղջիւրաւորներուն, իսկ անկոտոշները թող հեռու մնան:
Բոլոր կենդանիները կը վախնային փիղէն, կը հնազանդէին անոր, իսկ նապաստակը մտածեց. «Լաւ գարեջուր ունի առաջնորդը, ի՞նչ ընեմ, որ համին նայիմ»:
Եւ որոշեց խաբել փիղը. թաքնուեցաւ թուփերու մէջ ու սպասեց փոքր եղջերուն: Երբ անիկա կ’անցնէր թուփերու կողքով, նապաստակը թռաւ անոր մէջքին, իսկոյն կտրեց եղջիւրները եւ սոսինձով փակցուց իր գլխուն:
Եւ նապաստակը համարձակ գնաց փիղին քով` հիւրասիրութեան:
Երբ փիղը տեսաւ նապաստակը, զարմացաւ, բայց ըսաւ.
– Ամենալաւ եղջիւրները նապաստակին են: Յարգա՛նք ու պատիւ անոր. թող ի’նք լեցնէ գարեջուրը:
Միւս կենդանիները եւս սկսան գովաբանել նապաստակի եղջիւրները. Իսկ նապաստակը անցաւ գարեջուրը լեցնելու գործին, եւ ագահութիւն ընելով, իր բաժակին մէջ բոլորէն շատ լեցուց:
Ան այնքան շատ գարեջուր խմեց, որ գինովցաւ։
Այդ ժամանակ յանկարծ փիղի մօտ հիւրասիրութեան եկաւ ծեր եղջերուն:
Նապաստակը հարցուց անոր.
-Ինչո՞ւ այդքան ուշ եկար, միթէ՞ դուն անկոտոշ ես:
-Ես եկած եմ տեսնելու թէ դուն ինչպէս գարեջուր կը խմես,- պատասխանեց ծեր եղջերուն ու նստեցաւ մէկ կողմ:
Յետոյ կամաց մը թեքուեցաւ, նապաստակի ականջին շշուկով ըսաւ.
-Ինչ որ սոսինձով կը փակցնես, կը փրթի:
Բոլոր հիւրերը տեսան, որ եղջերուն բան մը ըսաւ. սկսան հարցնել նապաստակին , թէ ի՞նչ շշնջաց եղջերուն:
Նապաստակը խնդաց ու ըսաւ.
-Արժէ՞ միթէ ուշադրութիւն դարձնել անոր վրայ: Ծեր եղջերուն այնքան կերած խմած է, որ անիմաստ բաներ կ’ըսէ:
Լսելով այս խօսքը, ծեր եղջերուն դարձեալ ըսաւ, բայց արդէն բարձրաձայն.
-Ինչ որ սոսինձով է կը փակի, կը փրթի:
Նապաստակը տեսաւ, որ բոլորը իրեն կը նային, վախցաւ, դողդողաց իսկ եղջիւրները փրթան ու ինկան գետին:
Վեր թռաւ նապաստակը ու որքան ուժ կար ոտքերուն մէջ, փախաւ:
աղբիւր heqiat.blogspot.com
