Փուչիկներով Խաղալը Կեանքի ԴասերԿու տայ. Շէքսպիր

Ըստ Շէքսպիրի փուչիկով խաղալը կեանքի լաւ դասեր կու տայ մարդուն.

  • Կը սորվեցնէ ըլլալ մեծ, սակայն ծանր ու ոչ մեծամիտ, որպէսզի կարենաս բարձրունքներու հասնիլ։

  • կը սորվեցնէ, որ ձեռքիդ մէջ եղածը կրնաս մէկ վայրկեանէն կորսնցնել, երբեմն նոյնիկս առանց պատճառի կամ արդարացումի, անոր համար պէտք չէ կառչիլ (շատ կապուիլ) վաղանցուկ (շուտ վերացող) բաներուն։

 

  • Ամենակարեւորը կը սորվեցնէ շատ չճնշել այն բանին վրայ զոր շատ կը սիրես, եւ չփակիս անոր՝ զայն վնասելու, շունչը կտրելու աստիճան, որովհետեւ ան կը պայթի եւ զայն յաւերժ կը կորսնցնես։ Սիրել կը նշանակէ ազատութիւն տալ անոր զոր կը սիրես։

  • կը սորվեցնէ, որ մարդոց չափազանց հաճոյախօսելը, կեղծ գովաբանելը՝ յանուն անձնական շահի, կը նմանի փուչիկը  պէտք եղածէն աւելի ուռեցնելուն, եւ անոր հետեւանքով երեսիդ կը պայթի եւ ինքզինդ կը վնասես։
  • Ի վերջոյ կը սորվեցնէ, որ մեր կեանքը փուչիկի պէս կապուած է բարակ մետաքսէ փայլուն  թելէ մը, եւ անոր հետ մէկտեղ ան կը պարէ օդի մէջ՝ առանց գիտնալու թէ ինչքան կարճ է իր կեանքը, կամ ինչ անապահով պայմաններ ու կարողութիւններ ունի։

  • Պէտք է երեխաները  շարունակ խաղան տարբեր գոյնի փուչիկներով, որպէսզի սիրեն եւ ընդունին բոլորը՝ կարեւորութիւն չտալով անոնց ձեւին ու իրավիճակին։

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...