Փոքրիկն ու Մատիտները. Խորիմաստ Առակ

Փոքրիկը կը նայի, թէ տատիկը ինչպէս նամակ կը գրէ եւ կը հարցնէ.

– Դուն ի՞մ մասիս կը գրես:

Տատիկը կը դադրեցնէ  գրելը, կը ժպտի եւ կը պատասխանէ.

– Գուշակեցիր, ես կը գրեմ քու մասիդ: Բայց կարեւորը այն չէ, թէ ինչ կը գրեմ, այլ այն, թէ ինչով կը գրեմ: Ես կ’ուզէի, որ դուն, երբ մեծնաս, դառնաս այնպիսին, ինչպիսին է այս մատիտը…

Փոքրիկը հետաքրքրութեամբ կը նայի մատիտին, բայց իւրայատուկ բան չի նկատեր:

– Ասիկա սովորական մատիտ է, ինչպէս բոլոր մատիտները:

– Ամէն ինչ կախուած է անկէ, թէ ինչպէս կը դիտես իրերը: Այս մատիտը օժտուած է հինգ որակով, որոնք անհրաժեշտ են քեզի, եթէ կ’ուզես կեանքը ճիշտ եւ դիւրին ապրիլ:

Առաջինը՝ դուն կրնաս հանճար ըլլալ, բայց երբեք պէտք չէ մոռնաս Ուղորդող Ձեռքի գոյութեան մասին: Մենք այդ ձեռքը կ’անուանենք Վերին ուժեր: Վստահիր այդ ուժին եւ սորվիր զգալ զայն:

Երկրորդը՝ գրելու համար ես ստիպուած էի սրել մատիտը: Այս գործողութիւնը քիչ մը ցաւոտ է մատիտի համար, բայց փոխարէնը, անկէ ետք մատիտը աւելի յստակ կը գրէ: Հետեւաբար՝ կարողութիւն ունեցիր դիմանալու ցաւին, յիշելով, որ ան կը վեհացնէ քեզ:

Երրորդը՝ եթէ կ’օգտուիս մատիտէն, ուրեմն միշտ հնարաւոր է ջնջել ռետինով այն, ինչ կը համարես սխալ կամ ոչ պիտանի: Յիշէ, որ ինքզինքդ ուղղելը ո՛չ միշտ է որ վատ է: Յաճախ անիկա միակ տարբերակն է ճիշտ ճանապարհէն չշեղուելու համար:

Չորրորդը՝ Մատիտի մէջ կարեւորը փայտը չէ, ինչէն ան պատրաստուած է, եւ ո՛չ ալ անոր ձեւը, այլ գրաքարը, որ կը գտնուի անոր մէջ: Այդ պատճառով միշտ մտածէ ա՛յն մասին, թէ ինչ կը կատարուի քու ներսդ:

 

Եւ վերջապէս հինգերորդը՝ մատիտը միշտ իր ետեւէն հետք կը ձգէ: Նոյն ձեւով դուն ալ քու ետեւէդ հետք կը ձգես քու արարքներովդ, եւ այդ պատճառով՝ մտածէ՛ իւրաքանչիւր քայլդ կատարելէն առաջ:

աղբիւր` mediamag.am

արեւմտահայերէնի վերածեց ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ը

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...