Սիրուած ու յարգուած ըլլալու համար, պէտք է հետեւիլ քաղաքավարութեան որոշ կանոններու:

- Եթէ ուզէք բան մը խնդրել, ձեզի շատ պիտի օգնէ կախարդական հաճիս բառը:
- Եթէ մէկը ձեզի օգնէ, հիւրասիրէ կամ կատարէ ձեր խնդրանը ձեր երախտագիտութիւնը յայտնեղէք շնորհակալ եմ բառով:

- Եթէ սխալիք անպայման ներողութիւն խնդրեցէք: Ներողութիւն խնդրելը քաջութիւն է։

- Անպայման կատարեցէք ձեր տուած խոստումը։
- Մի ուշանաք որեւէ ժամադրութենէ, յատկապէս ճաշի սեղանէն, ուտելու ժամանակ յարգանքի կ’արժանանանք, երբ բարի ախորժակ մաղթէք բոլորին:
- Երբ նուէր ստանաք, անպայման ուշադրութեամբ նայեցէք, ուրախացէք շնորհակալութիւն յայտնելէն բացի ըսէք նաեւ, որ շատ սիրեցիք:
- Դասի ժամուն անհրաժեշտ է լռութիւն պահպանել եւ ուշադրութեամբ լսել ուսուցիչի ըսածները: Պէտք չէ ընդհատել ընկերոջը, երբ ան կը պատասխանէ տրուած հարցին:
- Ձեր տեղը զիջեցէք տարէցներուն:
- Մեծերուն եւ անծանօթներու հետ խօսեցէք յոգնակի։
- Փողոցի մաքրութիւնը պահպանեցէք այնպէս, ինչպէս կը պահպանէք ձեր տան մաքրութիւնը։
