Քարահունջ Հնագոյն Աստղագիտութիւնը Հայաստանի Մէջ

Հայաստանի մէջ աստղագիտութիւնը դարաւոր պատմութիւն ունի. հին հայերը շարք մը աստղադիտական սարքաւորումներ կ’օգտագործէին գծագրելու գիշերային երկինքը։

Հայկական բարձրաւանդակի մէջ երկնքի բաժանումը կատարուած է հազարաւոր տարիներ առաջ։ Ըստ անգլիացի աստղագէտ եւ պատմաբան Վ. Տ. Օլքոտտի, հին Հայաստանը միակ վայրն էր, ուր կենդանակերպի բոլոր նշանները (կենդանիները) պատկերուած էին միասին։ Վերջերս, գիտնականները եկած են այն եզրակացութեան, որ հնդեւրոպական լեզուաընտանիքը սկիզբ առած է հայկական բարձրաւանդակէն, ուրկէ ան տարածուած է դէպի Ասիա, Պալքանեան կղզիներ, Յունաստանի ցամաքային մասը եւ Եւրոպա։ Այստեղէն ալ կու գան եւրոպական լեզուներու մեծ մասի (ինչպէս նաեւ կենդանակերպի նշաններու) արմատները։

Հայերը օրացոյց ունեցած են շատ վաղ ժամանակներէն ի վեր. նախ լուսնային, ապա լուսնային/արեգակնային, իսկ աւելի ուշ` 365 օրանոց արեգակնային օրացոյց` 30 օրէն բաղկացած 12 ամիսներով եւ մէկ 5-օրանոց բացութիւններով։ Իւրաքանչիւր տարին կը սկսէր Նաւասարդէն (որ կը համապատասխանի նոր տոմարի Օգոստոս 11-ին)։

Աստղագիտութիւնը միջնադարեան Հայաստանի մէջ շարունակեց զարգանալ շնորհիւ 7-րդ դ. մաթեմատիկոս, աշխարհագրագէտ եւ աստղագէտ Անանիա Շիրակացիի, որուն բաւականին յառաջադէմ հայեացքները արտայայտուած էին նաեւ անոր այն համոզումի մէջ, որ երկիրը կլոր է եւ որ ան եւ միւս մոլորակները կը պտտին արեւի շուրջ, որ Յարդագողի ճանապարհը (Ծիր Կաթինը) կազմուած է բազմաթիւ թոյլ աստղերէն։ Ան նաեւ ճիշտ մեկնաբանած է լուսնի եւ արեւի խաւարումները։ Աւելի ուշ, 1054 թ. Մայիս ամսուն հայ աստղագէտները գրանցեցին գերնոր աստղերը` մի քանի ամիս աւելի շուտ քան Չինաստանը։

Քարահունջը, որ յայտնի է նաեւ Զօրաց Քարեր կամ Զօրաքար անուններով, պրոնզ-երկաթի դարաշրջանի առաւել խոշոր եւ շատ ինքնատիպ դամբարաններով, եւ աւելի քան 220 մենհիրներու շարքով ներկայացուած հսկայական համալիր մըն է։ Հնարաւոր է, որ Քարահունջի քարերը հնագոյն աստղադիտարանի մէկ մասը կը կազմեն։

7,5 հազար տարի առաջ մեր նախնիները Քարահունջէն կը հետեւէին աստղերուն ու մնացած երկնային մարմիններուն։

Յուշարձանի նշանակութեան եւ թուագրութեան վերաբերեալ միասնական կարծիք գոյութիւն չունի։ Սակայն անվիճելի է, որ համալիրի կառոյցները եւ շրջանաձեւ ու ձուածիր շարուած խոշոր քարերը նման են Իսլանտայի, Իռլանտայի, Սքոթլանտայի, Ֆրանսայի` Միջերկրականի արեւելքին, եւ այլ վայրերու մէջ յայտնաբերուած նման յուշարձաններուն, որոնցմէ ամենանշանաւորը “Սթոնհենճ”-ն է Անգլիոյ մէջ։

Քարահունջի քարերու նման քարեր կան Հայաստանի այլ շրջաններու մէջ ալ` Շիրակի եւ Սեւանայ լիճէն դէպի հարաւային Սիւնիք հատուածի բազմաթիւ վայրերու մէջ։

2-3 մեթր բարձրութիւն եւ մինչեւ 10 թոն ծանրութիւն ունեցող պազալտի խոշոր քարաբեկորներէն իւրաքանչիւրը ոտքի կեցած կամ նստած մարդու աչքի մակարդակին հասնող բարձրութեան վրայ յստակ փորուած անցք ունի։ Քրիստոնէութեան տարածման վաղ շրջանին անոնցմէ շատերու վրայ փորագրուած են խաչեր, մէկ մասը ամբողջութեամբ վերածուած է փորագրազարդ խաչքարերու, եւ միայն անոնց վրայի «աչքի անցքեր»-ը կը վկայեն նախնական նշանակութեան մասին։

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...