Քարը. Ուսուցողական Պատմութիւն

Կիսակառոյց շէնքի վեցերորդ յարկը աշխատող վարպետը ուզեց առաջին յարկն աշխատող բանուորը կանչել,

սակայն շինարարութեան աղմուկի պատճառով վերջինս անոր ձայնը չէր լսեր:

Բանուորի ուշադրութիւնը գրաւելու համար վարպետը որոշեց մետաղադրամ մը նետել,

որ ճիշտ բանուորի ոտքերուն տակ ինկաւ: Վարպետը կը սպասէր, որ բանուորը գոնէ վեր նայի,

որպէսզի տեսնէ, թէ դրամը ուրկէ՞ ինկաւ, բայց ան լուռ գրպանը դրաւ մետաղադրամը եւ շարունակեց աշխատիլ:

Իսկ քանի որ վարպետ անպայման կ’ուզէր գրաւել անոր ուշադրութիւնը, ապա ան շարունակեց դրամ նետել:

Բայց ամէն անգամ բանուորը գումարը գրպանը կը դնէր եւ կը շարունակէր աշխատիլ:

Վարպետը բարկացաւ ու  նետեց փոքր քար մը, որ ուղիղ բանուորի գլխուն ինկաւ, եւ այդ ժամանակ ան վերջապէս գլուխը բարձրացուց ու տեսաւ վարպետը…

Այս պատմութիւնը յուրաքանչիւրիս մասին է: Տէրը կ’ուզէ, որ մեր հայեացքները դէպի վեր ուղղենք,
իսկ մենք անդադար զանազան աշխարհիկ գործերով զբաղած ենք: Եւ երբ ան փոքրիկ նուէրներ կ’ընէ մեզի,
կ’ըսենք, որ մենք յաջողակ ենք՝ չտեսնելով զանոնք ուղարկողը: Իսկ երբ դէպի մեզ կը թռչի փոքրիկ քար մը,
որ մենք զայն խնդիր կ’անուանենք, այդ ժամանակ միայն կը սկսինք Աստուծոյ դիմել:
Ամէն անգամ, երբ որեւէ նուէր կը ստանանք, պէտք է շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ, այլ ոչ թէ սպասենք, թէ երբ քարը պիտի գայ, որ դիմենք Անոր:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...