Քնացած Տօնածառը

Այնճարէն Պէյրութ ճամբուն տեւողութիւնը, ընդամէնը մէկ ժամ է։

Խաղաղականի ափէն, հասնելէն քանի մը օր ետք, ան փութացած էր այցելել Այնճար ապաստանած

փոքր քրոջը․․․:

Հոն՝ հեռուն ովկիանոսի տամուկ ափին՝ երիտասարդ տղան էր՝ միս մինակ, մայրական սփոփանքը

փութացած էր՝ իր շիթերէն ներարկելու: Իսկ հոս՝ այս տոհմիկ աւանին մէջ՝ քոյրը, որ իր նորակազմ

ընտանիքով Դամասկոսի ռումբերէն մազապուրծ հասած էր՝ կարեկցանքի եւ հարազատ ջերմութեան

կարիք ունէր։

Ովկիանոսէն այս կողմ հասնիլը, այնքան երկար չէր տեւած, որքան սա միքրոպասի ուղեւորութեան

մէկ ժամը։ Ան իր քրոջմէն լսած էր,թէ մօտակայ շրջաններուն մէջ գոյութիւն ունի ՏԱՀԷՇ-ը։ Սակայն

քոյրը հանգստացուցած էր զինք ըսելով․«մի՛ մտահոգուիր, եթէ որեւէ յարձակման ազդանշան ըլլայ,

«տղաք»ը անմիջապէս փողերախումբը պիտի հնչեցնեն, որ մենք՝կիներն ու երեխաները կարենանք

փախչիլ․․․ իսկ շրջակայ լեռներուն ստորոտին,լիբանանեան զօրքն ու ինչու չէ նաեւ մեր տղաքը արդէն սպառազինուած,պաշտպանողական վիճակի մէջ արթուն կը հսկեն»։

Այս բացայայտումէն ետք, փորձած էր համոզել փոքր քրոջ հեռանալ Այնճարէն, բացատրած էր,որ ըրածը միամտութիւն էր եւ որ պէտք էր անմիջապէս հեռանար դէպի Պէյրութ կամ այլ ապահով վայր մը։ Այնճարը ծննդավայրդ չէ, ըսած էր հեռաձայնով,շատ յստակ։ Թող այնտեղ հողային տարածք ունեցողները մնան ու պաշտպանեն իրենց հողերը․․․

Առ ի պատասխան, քոյրը միշտ ալ պնդած էր․ «կը սիրեմ այստեղի հանդարտութիւնն ու տոհմիկ հայկականութիւնը, որ ոչ մէկ տեղ կրնամ գտնել այս մերձակայ տարածքներուն մէջ։ Կարծես Հայաստանի

հոտ կու գայ հոսկէ ․․․»։ Ան նոյնիսկ Սուրիահայերուն տրամադրուած նպաստներէն կտրականապէս

մերժած էր օգտուիլ ու հակառակ դրացիներուն պնդումներուն, մնացած էր անդրդուելի։ Դամասկոսէն

կու գար, մայրաքաղաքէն, բայց ինչու չես գիտեր, կը սիրէր այստեղի պարզութիւնը, հայկականութիւնը,

որ քիչ մը աւելի հեռու վայրերու մէջ դժուար պիտի ըլլար գտնել։ Իսկ այստեղի դրացիները, այնքան

յարգանքով կը վարուէին սուրիահայերուն հետ՝նոյնիսկ ոչ մէկ անգամ, «եապանճօ» մակդիրը չէին

շպրտած անոր ճակտին․․․

Պատկերները արագ արագ կը յաջորդէին իրարու․․․․

Տասը տեղանոց փոքրիկ պասին մէջ, ամենէն ետեւը անկիւնը առանձին ծուարած կը մտածէր,թէ ինչ

միջոցի կրնայ դիմել՝ քոյրը համոզելու համար, որ հեռանար Այնճարէն։ Այդ միջոցին ականջին կը սկսին

հասնիլ իր առջեւ նստած, դէպի Պէյրութ ուղեւորուող եւ բարձրաձայն զրուցող այնճարցի տիկիններուն պատումները,թէ ինչպէս՝ նոյնիսկ դպրոցէն ներս, զգուշացուցած էին իրենց երեխաներուն, անախորժ

դէպքեր պատահելու հաւանականութիւնը։ Անոնք պատմած էին,որ չար մարդիկ կամ լաչակաւորներ

կրնային խուժել գիւղաւան: Տիկիններէն մէկը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէր, թէ ինչպիսի գէշ

անդրադարձ կրնար ունենալ այս լարուած կացութիւնը իրենց զաւակներուն հոգեկանին վրայ, իսկ

միւսը կը պնդէր ըսելով․«թող գիտնան ամէն բան,թո՛ղ արթուն եւ զգաստ ըլլան․․․»։

Խնամուած մազերով, կոկիկ հագուած այս տիկիններուն պատումները, այս բոլորին այնպիսի

զաւեշտական երանգ մը կու տային, որ կարելի չէր հիացմունքով չլսել անոնց մտերմիկ զրոյցը։

-Ինչո՞ւ վախնալ եւ սարսափով սպասել, չէ որ մեր տղաքը կան,ըսաւ անոնցմէ մէկը։

Պատերազմ տեսած կիներ են, կրնար մտածել լսողը, այնուամենայնիւ ան իր հիացմունքն ու

յարգանքը չկրցաւ թաքցնել․․․

Ամբողջ ժամուան մը տեւողութեամբ, Այնճարի պաշտպանութեան հարցը՝ կիսաքուն անոր

մտքին մէջ վերածուեցաւ գունազարդ հերոսամարտի մը, որուն անիրականալի դառնալուն համար

սկսած էր նոր աղօթք մը հնչեցնել ուղեղին բոլոր ծալքերուն եւ դարպասներուն վրայ․․․ Աստուած իմ,

դուն պահպանէ խաղաղութիւնը, սա բուռ մը հայատրոփ մարդոց, անոնք ալ թող չցաւին։ Մտքին նոյն ելեւէջներուն վրայ նոյն միջոցին նաեւ կը ծածանէին,անցեալ տարուան դեկտեմբերի 28-ին Հալէպի

իր տան ճաշասեղանին վրայ փռած ամանորեայ ծածկոցին ելեւէջները, մուգ կարմիրին տուող, մարմանդ տերեւներով Ամանորը խորհրդանշող ծաղիկները, զարդարանքներն ու մսուրը, որոնք փռած ու զետեղած

օրն իսկ ստիպուած էր հրաժեշտ տալու անոնց եւ իր սեփական տան, որպէսզի Պէյրութ գտնուող դստեր

միանար եւ անոր հետ միասին ըլլար՝ խորհրդաւոր, թախծալի եւ աննախադէպ Ամանոր մը անցընելու

համար ․.․

Տարիներ առաջ երբ զաւակները տակաւին փոքր էին, որքան կը դժգոհէր, Տօնածառին առթած տաղտուկին համար, մանաւանդ հաւաքելու ընթացքին։ Բոլորն ալ կը հրաժարէին այդ իրարանցումէն, իսկ ինք

դժգոհելով հանդերձ, Տեառնընդառաջին՝ իբրեւ վերջնաժամկէտ, պարտաւոր էր հաւաքել․․․

Ու հիմա տօնածառը հանգչած էր, քնացած, իր բնակիչներէն ամայացած տան մէկ անկիւնը, հսկայ տուփի

մը լռութեան մէջ։ Ռումբերու վախազդու ձայները չէին խանգարեր անոր անդորրը։ Երեք երկար տարիներէ

իր վեր, պատուանդանի վրայ չէր զետեղուած։ Այս ընթացքին, ոչ մէկ ձեռք շոյած էր անոր մուգ կանաչ

տերեւներու շեղջերը, շուրջը համատարած տխրութիւն էր․․․ վրայի խաղալիքները՝ ո՞վ գիտէ խունացած

ու բորբոսած էին տուփերու խորոչներուն մէջ․․․

Պատերազմական տրամադրութեան մէջ միայն Տօնածառին գոյութիւնը պակա՞ս էր․ ո՞վ ուրախ էր կամ տրամադիր փառաբանելու անոր խոստմնադուրժ ներկայութիւնը: Պատերազմը օրըստօրէ գոյացուցած էր

այն համոզումը, թէ մարդիկ միայն ճամբորդներ են եւ մնայուն տեղ մը չունին այս երկրի վրայ, բոլոր

վայրերն ու անձերը միայն ընկերակիցներ են տուեալ պահի մը համար, ոչ մէկ բան անփոփոխ է ու

մնայուն,իսկ տօնածառը քնացած իշխանուհիի նման կը սպասէր խաղաղութեան իր իշխանին, որ

տակաւին կ’ուշանար։

Երանի կրկին վերադառնային խաղաղութեան օրերը եւ ինք առանց դժգոհութեան պատրաստ էր

զարդարելու տօնածառը, նոյնիսկ առանց տրտնջալու հաւաքել ու կրկին զետեղել զայն, եթէ հարկ

ըլլար։

Իսկ հիմա, միայն կարենար հասնիլ տուն՝ իր հարազատ տունը, քաղաքը՝ թէեւ վիրաւոր բայց միշտ

իրեն համար նոյնը․անոր սրտին մէջ նախկին ջերմ պատկերով կը շողար տունը եւ ուղեղին անցքերուն

մէջ բաներ կը փսփսար ականջներուն։ Ամանորեայ սփռոցով ու տօնական լուսատու աշտանակներով ճաշասեղանը, ուր դեռ երէկ էր կարծես, երբ հիւսիսին, հարաւին, արեւելքին եւ արեւմուտքին համար խաղաղութիւն կը մաղթէին, ինչպէս բոլոր Հալէպահայ ընտանիքները, աշխարհի ամենախաղաղ

իրենց անկիւնէն, կը բարեւէին բոլորին անխտիր,․․․

Աստուած իմ, միթէ՞ շատ բան էր ուզածը, որ արժանի ըլլար կրկին իր տան առաստաղին տակ

անվախօրէն նստելու եւ ամբողջ աշխարհին բարիք մաղթելու ու անկէ ետք Նոր Տարուան առաւօտեան

Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ խորաններէն Նոր Տարուան մը սկզբնաւորութեան աւետիսը ստանալու․․․

Դարպասները կը բացուին եւ յանկարծ կը տեսնէ,թէ ինչպէս սնտուկին գոգը, յաջորդաբար երեք

Նոր Տարիներ անարեւ մնացած Տօնածառը, կը սկսի փայլիլ պլպլացող լոյսերու ճաճանչներով։

Ամբողջ ճամբուն ընթացքին իր հետ ճամբորդող աշնանային չորցած ծառերը, տօնազարդ հագուստներ

կը հագնին եւ զինք կը դիմաւորեն․․․ Ամանորեայ սփռոցին շուրջ, իրենց տան առաստաղին տակ

զաւակներն ու «հարազատ»ները միասին նստած կը դիմաւորեն Ամանորը, առանց պայթուցիկներու

խաղաղ Ամանորը․․․

Աստուած իմ,վերջին անգամ երեք տարի առաջ էր երբ ընտանեօք միասնաբար սեղան նստած էին։

Սպիտակաթոյր հրեշտակ մը պահպանած էր տօնածառն ու Հալէպի տունը ու տօնածառին վրայի

աստղային լոյսը վառ պահած, որ կարենար խաւարին մէջ ուղղուիլ դէպի տուն: Յիսուս մանուկին

ծնունդը աւետող աստղը, կ’աւետէր նաեւ պատմական քաղաքին ազատագրումն ու նոր սիրոյ դարաշրջանի ծնունդը․․․

Ուրկէ ուր նաեւ այս հերոսուհի երեք կիները, որոնք իր առջեւ կը գեղգեղէին հանրակառքին մէջ,

«Վանայ Ձայն»-էն սփռուած երգի բառերուն հետ, ՏԱՀԷՇ-ը արհամարհող իրենց քրքիջով եւ ծիծաղով

կը հանգչէին Հալէպի Ամանորեայ գունազարդ իր սփռոցին շուրջ, միասնաբար երգելով՝ թշնամին նոյնն է,

բայց՝ «մենք քաջ Վարդանի տոհմէն ենք չենք վախիր,մանր մունր փորձանքներէն չենք փախչիր,

մենք դեռ փոքրուց միշտ սիրել ենք քաջութիւն, ինչ էլ որ լինի չենք հանդուժիր պարտութիւն»։

Կրակարանի տաքուկ կրակին ճարճատիւնը,կը մաքրէր ամէն չար բան, ձիւնը խոշոր փաթիլներով կ’իջնէր, պարտասած քաղաքին տանիքներուն վրայ, սրբելու տանելու կարմիրի հետքերն ու բիծերը․․․

Մարիանա Պէրթիզլեան Ղազարեան

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...