10 Հայ Կանայք, Որոնք Փոխեցին Համաշխարհային Պատմութեան Ընթացքը

  1. Սուրբ Շուշան-Վարդենի (409-475 թթ.):

Շուշան-Վարդենին` Հայոց սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի դուստրը, որուն աճիւնը ամփոփուած

է Վրաստանի մէջ, հայ եւ վրաց եկեղեցիներուն կողմէ ճանչցուած է որպէս ընդհանրական սուրբ:

Ան պատմութեան մէջ կը յիշատակուի ոչ միայն որպէս սրբադասուած հայուհի, այլեւ` գաղափարական

կնոջ միջնադարեան իտէալ:

451 թուականի Աւարայրի ճակատամարտէն ետք` յաջորդ տասնամեակին, Շուշան ամուսնացած էր վրաց

Աշուշայի որդի` Վազգէնի հետ, որ փոխարինած էր հօրը եւ «Բդեշխ»-ի կոչում ստացած: Սակայն, քաղաքական նկատառումներով Վազգէն կ’ուրանայ քրիստոնէութիւնն ու կ’ամուսնանայ պարսկուհիի

հետ: Քրիստոնէական դաստիարակութիւն ստացած Շուշանիկը անկէ ետք կը մերժէ հաւատքը ուրացած

ամուսինը եւ զինք կը զրկէ նոյնիսկ իր երեխաները տեսնելու հնարաւորութենէն: Իսկ ինք կը փակուի

Ցուրտաւի եկեղեցւոյ կից մութ ու խոնաւ խուցի մը մէջ:

Ամուսինը ամէն ինչ կ’ընէ, որ Շուշանը եւս ուրանայ քրիստոնէութիւնը` ընդհուպ դիմելով ծեծի ու չարչարանքներու ենթարկելով անոր, բայց փորձերը ապարդիւն  կ’անցնին, Շուշանը կը մնայ անդրդուելի:

Անոր չարչարանքները կը տեւեն վեց տարի, եօթերորդ տարուան սկիզբը` Շուշանը կը մահանայ:

  1. Մումթազ Մահալ (Արջումանադ Բանու Բէգամ) (1593-1631) թ

Հնդկաստանի մարգարիտը` թաջ Մահալը կոչուած է շահ Ջահանի սիրելի կնոջ` Մումթազ Մահալի

անունով: Յատկանշական է այն, որ Մումթազ Մահալին եւս արմատներով հայուհի է` եղած է

հնդկական արքունիքի հայ պաշտօնեայ Ասաֆ խանի դուստրը: Սակայն, նկատի առնելով, որ

ընտանիքը կը դաւանէր շիա իսլամական կրօնը, օրիորդական անունը եղած է արջումանադ Բանու

Բէգամ: Այնուհետեւ շահ Ջահանի հայրը` Ջահանգիրը, հարսը վերանուանած է Մահալ, որ կը նշանակէ

«պալատի զարդ»: 1612 թուականին 19 տարեկանին կայսեր հետ ամուսնացած Մումթազ Մահալը Շահ

Ջահանէն կ’ունենայ 13 երեխայ: Բայց, 14-րդ զաւակի ծննդաբերութեան ժամանակ` կը մահանայ

ամուսնուն ռազմական ճամբարին մէջ: Մահամերձ վիճակի մէջ ան ամուսինէն կը խնդրէ իր գերեզմանին

վրայ կառուցել տաճար, որ արժանի ըլլայ իրենց սիրոյն:

Սիրասուն կնոջ մահէն ետք` շահ Ջահանը երկու տարի երկրին մէջ սուգ կը յայտարարէ, որուն ընթացքին արգիլուած էին հնդկական տօները նշել, պարել ու երաժշտութիւն լսել: Ապա  կը հրամայէ Ագրա

տեղափոխուած կնոջ գերեզմանին վրայ կառուցել մարմարէ մեծ դամբարան, որուն շինարարութիւնը կը

տեւէ 22 տարի, եւ Մումթազ Մահալի պատուին ալ կը կոչուի Թաջ Մահալ` «Թագի պալատ»:

  1. Ալենուշ Տէրեան (1920-2011 թթ.)

Ալենուշ Տէրեան՝ իրանական աստղագիտութեան մայրը, ծնած է Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ:

Ալենուշը խորացած է աստղագիտութեան մէջ եւ դարձած Թեհրանի համալսարանի Երկրաբնագիտական ուսումնարանի արեգակնային աստղադիտարանի հիմնադիրներէն մէկը: Թեհրանի մէջ զինք անուանած

են «Իրանական աստղագիտութեան մայրը»:Ան Իրանի առաջին կին փրոֆէսըրն էր` Իրանի առաջին կին աստղագէտն ու աստղաբնագէտը:

Ի դէպ, Ա. Տէրեան երբեք ամուսնացած չըլլալով` իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է գերազանցապէս հետազօտութիւններու եւ դասաւանդման վրայ: Անոր ուսանողներն ու ժամանակակիցներն այսօր ալ կը

յիշեն Ալենուշ Տէրեանը` որպէս հոգատար ուսուցիչ, որ կը վայելէր բոլոր ուսանողներու սէրն ու յարգանքը: Ուշագրաւ է այն, որ Ալենուշ Տէրեան իր տունը կտակած է Նոր Ջուղայի հայ համայնքին, որպէսզի այնտեղ կարենան բնակիլ կացարան չունեցող ուսանողները: Իսկ ինք վախճանած է ծերանոցի մէջ:

   4.Տիանա Աբգար (Անահիտ Աղաբեկեան) (1859-1937 թթ.)

Գրող, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ, ազգութեամբ հայ Տիանա Աբգարը, որուն նախնիները

եղած են Նոր Ջուղայէն, ծնած է Արեւելեան Հնդկաստանի բրիտանական գաղութ Բիրմայի մայրաքաղաք Ռանգունի մէջ: Ան համաշխարհային պատմութեան մէջ իր տեղը գտաւ` ըլլալով աշխարհի մէջ առաջին

կին հիւպատոսը: Տ. Աբգարը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան դեսպան նշանակուած է Ճաբոնի

մէջ` 1919-1920 թթ.-ին:  Անոր ժամանակակիցները կը պնդեն, որ ան այնքան  տպաւորիչ արտաքին ու

հմայք ունեցած է, որ երբ մտած է պաշտօնական վայրեր եւ դահլիճներ, բոլորը մէկ անգամէն ոտքի

կանգնած են: :

  1. Զապէլ Եսայեան (1878-1943 թթ.)

Գրող, թարգմանիչ, հրապարակախօս Զապէլ Եսայեանը` կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան

իսկական առաջամարտիկը: Ասիկա անհերքելի փաստ է ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ անոր

սահմաններէն դուրս: Ամերիկեան յայտնի պարբերականներէն մէկը անոր մասին գրած է հետեւեալը.

«Զապէլ Եսայեան փայլուն կնոջ օրինակ է, որ ապրած է այնպիսի ժամանակներուն, երբ խելացի ու հաստատակամ ըլլալը ամենավտանգաւոր յատկանիշներէն էր»:

Զապէլ Եսայեան Սկիւտարի Սուրբ Խաչ վարժարանը աւարտելէն ետք` մեկնած է Փարիզ եւ հետեւած է

Սորպոնի փիլիսոփայութեան դասընթացներուն: Այնուհետեւ վերադարձած է Կ. Պոլիս, գացած է Կիլիկիա

եւ գրի առած է այդ տարիներուն տեղի ունեցող իրավիճակի ողջ ճշմարտութիւնը:Սակայն, երբեք

անարդարութեան մասին չլռելն ու ճշմարտութեան մասին բարձրաձայնելը բաւական թանկ կը նստի

անոր վրայ: Թէպէտ 1915-ին ան է խուսափած է ձերբակալութենէն ու ապաստան գտած  Պուլկարիոյ մէջ,

ապա Թիֆլիս,  բայց յետոյ` 1936 թուականին արդէն Խորհրդային Հայաստանի մէջ եղած է ստալինեան ճնշումներու զոհը: Այնուհանդերձ, ան նոյնիսկ ստալինեան բանտէն նամակներ գրած է՝  նոյնպիսի խիզախութեամբ: Առ այսօր անոր մահուան  հանգամանքները անյայտ են:

  1. Անիթա Կոնտի (Անիթա Գարակօշեան) (1899-1997 թթ.)

Աշխարհի մէջ առաջին կին ովկիանոսագէտը ազգութեամբ հայ է` ֆրանսացի բնախոյզ, լուսանկարիչ

Անիթա Կոնտին, նոյն ինքը` Անիթա Գարակօշեանը: 1939 թուականին, ան 3 ամիս ժամանակով`

ձողաձուկ որսալու համար «Վայգինկ ձկնորսանաւով ուղեւորուած է Արկտիկա: Եւ այդ ուղեւորութեան

ընթացքին ալ եկած այն եզրայանգման, որ ովկիանոսի մէջ ձկնորսութեան չարաշահումը կրնայ

չափազանց ծանր հետեւանքներու յանգեցնել:

1941-1943 թուականներուն ձկնորսանաւով երթեւեկած է Ափրիկէի մէջ` ֆրանսական ծովակալութեան յանձնարարութեամբ կատարելագործելով ձկնորսութեան մեթոտները, կազմած է քարտէզներ,

նկարագրած է ձուկերու նոր տեսակները: Անոր նպատակը եղած  է գտնել ձկներու վտառներու պաշարներ

եւ ուտելիքի սղութեան պայմաններու մէջ ապահովել զօրքն ու խաղաղ բնակչութիւնը: Անիթա Կոնտին

մահացած է  99 տարեկանին` Քրիստոսի ծննդեան օրը, Ֆրանսայի Տուարնէ քաղաքին մէջ: Անոր աճիւնը,

կտակին համաձայն, սփռած են Միջերկրական ծովուն մէջ:

 

  1. Զարուհի Քաւալջեան (1877-1969 թթ.)

Թուրքիոյ առաջին կին բժիշկը եղած է ծագումով հայ Զարուհի Քաւալջեանը: Ծնած է Թուրքիոյ

Ատափազար քաղաքին մէջ: Անոր հայրը` Սերոբ Քաւալջեանը, 1875թ. աւարտած էր Պոսթոնի

բժշկական համալսարանը եւ Թուրքիոյ մէջ աշխատած է որպէս բժիշկ: Զարուհին 1898թ. աւարտած

է Ատափազարի Ամերիկեան իգական քոլէճը եւ նոյն թուականին մեկնած ԱՄՆ, քանի որ Օսմանեան

պետութեան մէջ կանաց համար արգիլուած էր բժշկութիւն ուսումնասիրել:

Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Քաւալջեան մասնակցած է վիրաւորներուն եւ տուժածներուն օգնութիւն ցոյց տուող հաստատութիւններու աշխատանքներուն, իսկ աւելի ուշ

տեղափոխուած է Պոլիս:

  1. Աննա Տէր-վարդանեան (1920-2011 թթ.)

Աննա Տէր-Վարդանեան ԱՄՆ ռազմածովային ուժերու առաջին կին գերագոյն գլխաւոր աւագը եղած է:

Ան  այս կոչումը ստացած է 1959 թուականին, Նիւփորթի (Ռոդ Այլընտ) ռազմածովային քոլէճին մէջ եւ

դարձած է զինուած ուժերու մէջ ծառայող առաջին կինը, որ արժանացած է E-9 կոչման:

 

  1. Գոհար Վարդանեան (1926 թ.)

Ականաւոր հետախոյզ, Ռուսաստանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան վետերան Գոհար

Վարդանեան դեռ 16 տարեկան հասակին մաս կազմած է իր ապագայ ամուսին եւ զինակից Գէորգ Վարդանեանի հակաֆաշիստական խումբին, որուն հետ գործուն հետախուզական աշխատանք

կատարած է:

     10. Տէյմ Սայան Սրբուհի Իլաիաս (1949 թ.)

Նոր Զելանտայի Գերագոյն դատարանի առաջին կին նախագահը նոյնպէս հայուհի Տէյմ Սայան

Սրբուհի Իլաիասն է:

dlmn.info

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...