Սաղմոսավանք վանական համալիրը կը գտնուի Արագածոտն մարզի Սաղմոսաւան գիւղին մէջ, Քասախ գետի ձախ հատուածին:
Աւանդոյթի համաձայն հայոց առաջին կաթողիկոս Գրիգոր Լուսաւորիչը 4-րդ դարուն Արագածի գագաթին նկատելով այս վայրը՝ այնտեղ եկեղեցի կը կառուցէ: Ապա, նոյն տեղը հոգեւորականներ հաւաքելով, անոնց սաղմոսներ կը սորվեցնէ:Սակայն վերջինիս կառուցած եկեղեցին չէ պահպանուած: Ներկայիս պահպանուած վանական համալիրը կառուցուած է 13-րդ դարուն՝ Վաչէ Ա Վաչուտեանի եւ իր իշխանական ընտանիքի կողմէն։
Սաղմոսավանք բառի հիմքը սաղմոսն է: Սաղմոսը հոգեւոր երգն է: Աշխարհի մէջ միակ վանքն է, ուր հնչած սաղմոսներու անունով Սաղմոսավանք կոչուած է: Սաղմոսավանքի վանական համալիրը միջնադարեան ամենահարուստ եւ նշանաւոր հոգեւոր կեդրոններէն մէկն է:
Սաղմոսավանքը ունեցած է 7 քմ երկարութեամբ գաղտնուղի, որ ձգուած է մինչեւ Յովհանավանք: Սակայն ժամանակի ընթացքին անիկա չէ պահպանուած:
1215 թուականին Վաչէ Վաչուտեան իր կնոջ՝ Մամախաթունի հետ միասին կառուցած է Սաղմոսավանքի գլխաւոր` Սուրբ Սիոն եկեղեցին: 1255 թուականին Վաչէ Վաչուտեանի որդի՝ Քուրդ Վաչուտեան իշխանը իր կնոջ հետ կառուցած են գրատուն-եկեղեցին իրենց վաղամեռիկ աղջկան յիշատակին: 1235 թուականին կառուցուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կարելի է մտնել միայն գրատունէն:
13-րդ դարուն այս գրատան մէջ 120 ձեռագիր մատեան պահուած է: Սուրբ Սիոն եկեղեցւոյ խորանի վերի հատուածին կը գտնուի գաղտնի սենեակ մը, ուր պահուած են եկեղեցւոյ գանձերը, ոչ միայն նիւթական արժէք ունեցող, այլեւ մշակութային ժառանգութիւն հանդիսացող մատեաններ:
Նիւթը Հայկաշխարհի համար պատրաստեց՝
Նարէ Մուրատեան