Դանիէլ Վարուժան (Դանիէլ Չպուքեարեան)

Ծնած է 1884 թուականին, Արեւմտեան Հայաստանի Սեբաստիա նահանգի Բրգնիկ գիւղը: Ան հասակ

առած է գեղեցիկ բնութեան մը մէջ, իրենց գիւղի գետեզերքներուն թախծող ուռիներու օրօրին տակ:

Գիշերները մայրը անոր պատմած է պանդխտութեան մէջ գտնուող իր հօր մասին եւ անոր

երեւակայութիւնը բորբոքած է թուրք ենիչերիներու մասին ըրած պատմութիւններով: Բնութենէն

ստացած երազային տպաւորութիւններուն խառնուած են նաեւ կեանքի վիշտերը:

Վարուժան գրաճանաչ դարձած է գիւղի վարժարանին մէջ, իսկ 1896 թուականէն ուսումը շարունակած

Պոլսոյ մէջ սկիզբը Սագըզ Աղաճի, ապա Քաղկեդոնի Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ:

Պոլիս ծանր տպաւորութիւն կը ձգէ Վարուժանի վրայ: Ան կը տեսնէ Սուլթան Համիտի կազմակերպած

ջարդի հետքերը: Այդ օրերու հալածեալներէն էր նաեւ բանաստեղծին հայրը, որուն հարազատները երկար ժամանակ կը փնտռեն եւ վերջապէս զայն կը գտնեն բանտին մէջ՝ շղթայուած: Տարիներ ետք,

«Հօրս բանտին մէջ» ոտանաւորին մէջ, Վարուժանը կը յիշէ՝

«Դեռ փոքր էի, եկայ քեզի մենաւոր,
Մութ զընտանիդ մէջ այցի,
Մայրս հիւանդ էր, կը շրջէի ես ազատ
Մէջտեղը բանտի եւ մահճի:»

Բանտարկեալ հօրը ան կը պատմէ իրենց ապրած ծանր կեանքին մասին, մեծ մայրը մահացած է, մայրը՝

հիւանդ է եւ խուլ, կը հազայ, չորցած են պարտէզի վարդենիները, աւերուած է հայրական օճախը:

Հայրը ձեւով մը կ՛ազատի բանտէն եւ կ՛աշխատի Պոլսոյ իջեւանատուներէն մէկուն մէջ: Դպրոցական արձակուրդները պատանին կ՛անցնէ հօր մօտ եւ ականատես կը դառնայ պանդուխտներու տառապալի

կեանքին․ «Արձակուրդներս ընդհանրապէս անցած են հօրս քով, Խավեար Խանը, հայ պանդուխտներու հառաչանքներուն եւ վէրքերու տրոփիւնին ունկնդիր», – գրած է բանաստեղծը:

1902 թուականին Վարուժանը կը տեղափոխուի Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը:

Բանաստեղծին վրայ խորապէս կ՛ազդեն Վերածնունդի շրջանի նկարչութեան ու քանդակագործութեան կոթողները՝ իրենց առողջ եւ հիւթեղ իրապաշտութեամբ: Ան յափշտակութեամբ կը կարդայ նշանաւոր

գրողներու երկերը, յատկապէս կը տարուի ռուս հանճարեղ գրող Լէօ Տոլստոյի եւ ֆրանսացի մեծ

մտածող Ժան-Ժագ Ռուսոյի գաղափարներով:

Վարուժան առանձին սիրով կ՛ուսումնասիրէ Հայաստանի պատմութիւնը, հայ հին ու նոր գրականութիւնը: Վենետիկի մէջ ան կը գրէ առաջին բանաստեղծութիւնները՝ պանդուխտներու կեանքի եւ 1896 թ. ջարդերու պատկերներով:

1905 թուականին բանաստեղծը կը մեկնի Պելճիքա եւ կ՛ընդունուի Կանտի համալսարանը: Ուսանողական տարիները էական դեր կը խաղան անոր կազմաւորման մէջ. ան կը հետեւի ընկերային եւ քաղաքական գիտութիւններու, կ՛ուսումնասիրէ գրականութիւնը եւ ընկերային ուսմունքներ: Անոր դիմաքանդակը

զետեղուած է համալսարանի գլխաւոր գրադարանի դահլիճին մէջ, (Ghent University Library) Rozier 9, B-9000 Ghent : Դիմաքանդակին վրայ նշուած են իր հետեւեալ խօսքերը։

«ի՜նչ փոյթ կեանքը մեռնող,
երբոր երազը կ՛ապրի,
երբոր երազն անմահ է:»

Վարուժանի գեղագիտական հայեացքներուն ձեւաւորման կը նպաստէ նաեւ պելճիքացիներու բարձր

մշակոյթը. ան խորազնին կ՛ուսումնասիրէ 17 – 18-րդ դարերու իրապաշտ նկարչութիւնը եւ կը տարուի

20-րդ դարու հռչակաւոր բանաստեղծ էմիլ Վերհառնի բանաստեղծութիւններով:

Ստանալով բարձրագոյն կրթութիւն, բանաստեղծը 1909-ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը: Երկու տարի ուսուցչութիւն կ՛ընէ Սեբաստիոյ Արամեան վարժարանին մէջ, ապա 1911-ին կը տեղափոխուի Եւդոկիոյ

(Թոքաթ) ազգային ճեմարան: 1912-ին Վարուժանը կը հրաւիրուի Պոլսոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանը՝ տեսուչի պաշտօնով:

Այս տարիներուն Վարուժանի բանաստեղծութիւնները լայն ճանաչումի կ՛արժանանան: Ան կը դառնայ

Պոլսոյ գրական շրջանակներու ազդեցիկ դէմքերէն մէկը, գրական հաւաքոյթներու ոգին: Տասը տարուան ընթացքին, բանաստեղծը կը գրէ չորս գիրք՝ «Սարսուռներ», «Ցեղին սիրտը», «Հեթանոս երգեր» եւ

«Հացին երգը»: Ան կը գրէ նաեւ նոթեր, յօդուածներ եւ կը կատարէ թարգմանութիւններ:

1915 թուականն էր, եւ Վարուժանը կը շարունակէր լրացնել գիւղի չքնաղ երգերու՝ «Հացին Երգը» շարքը,

կը պատրաստուէր գրել «Հայկական Հոմերագիրք» ժողովածուն, ուր պէտք է տեղաւորէր հին հայկական առասպելներու աւանդութիւններու մշակումները, կ՛երազէր ամբողջովին մշակել «Սասնայ

Ծռեր» ժողովրդական էպոսը: Ծրագրած էր նաեւ գրել «Գինիին Երգը» քերթողական հատորը[1]:

1914-ին կը դառնայ «Մեհեան» գրական ամսաթերթին հինգ հիմնադիրներէն մէկը՝ Կոստան Զարեանի,

Յակոբ Քիւֆէճեանի (Օշական), Գեղամ Բարսեղեանի եւ Ահարոն Տատուրեանի հետ: Մինչեւ Յուլիս լոյս

տեսած թերթի գրական եւ մշակութային մտածողութեան գլխաւոր մղիչ ուժն է՝ Կոստան Զարեանի հետ,

մինչեւ իր բաժանումը: Խմբագրած է նաեւ «Նաւասարդ» գրական պարբերականը:

Բայց վրայ կը հասնի արիւնալի աղէտը: Արտերը կը ներկուէին արիւնով: Բանաստեղծի խօսքերով՝ կեանքը

կը մորթուէր արտերուն մէջ, միտքը՝ գանկին մէջ: Այս ողբերգական օրերու զոհերէն մէկը եղաւ նաեւ

Վարուժան: Թուրք մարդասպանները աքսորի ճանապարհին, Չանղըրի քաղաքի մօտ ձորի մը մէջ յօշոտեցին

31-ամեայ բանաստեղծը:

Վարուժան թէեւ նահատակուեցաւ երիտասարդ հասակին, բայց ան ստեղծեց հասարակական մեծ բովանդակութեան եւ գեղարուեստական կատարեալ ձեւերու բանաստեղծութիւններ:

աղբիւր wikipedia.org

ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Ափ մը ցորեան ափերուդ մէջ
Թող լեցընեմ, կըտրի՛ճ Որդիս.
Կըտրիճ Որդիս, գօտի՛ն մէջքիս
Թող մաճակալ բազուկներէդ
Քըսան ցուլի արիւն անցնի,
Եւ եղեւնի քու հասակէդ
Քըսան տունի սիւնը կանգնի.
Ու երբ թիւովը մատերուդ
Սերմանես քու մերմընցուն՝
Հընձես թիւո՜վն աստղերուն:

Ափ մը ցորեան գըլուխդ ի վար
Թող որ թափեմ, Թոռնի՛կ սիրուած,
Թոռնիկ սիրուած, ցո՛ւպըս ծաղկած.
Թող ճակատիդ վըրայ գըրուի
Հարիւր սաղմոս իմաստութեան,
Եւ ուսերուդ վըրայ դըրուի
Տապանակը ըզգաստութեան.
Ու երբ հօտիդ օր մ’այցելես՝
Թող քու ափիդ գարիին
Հազար ոչխա՜ր երկարին:

Ափ մը ցորեան մազերուդ մէջ
Թող որ տեղամ, վա՛րդ Թոռնուհիս,
Վարդ Թոռնուհիս, պըսա՛կ շիրմիս.
Թող այտերուդ վըրայ շողան
Ամէն գարուն նո՛ր կակաչներ,
Եւ աչքերուդ մէջը լողան
Ամէն ամառ նո՛ր ճաճանչներ.
Ու երբ տընկես ճիւղ մ’ուռիի
Ամէն ապրիլ դուն տեսնես
Իր շուքին տակ կանա՜նչ քեզ:

Ափ մը ցորեան ծոցերուդ մէջ
Թող որ ցանեմ, Հա՛րսըս աղուոր,
Հարսըս աղուոր, սէ՜րս հեռաւոր.
Թող անկողնիդ ակօսին մէջ
Հասկ մը ծըլի՝ լըման շարքով,
Եւ օրօրած օրոցքիդ մէջ
Արշալոյսնե՜ր նընջեն փառքով,
Ու երբ կըթես քառսուն երինջ
Դոյլերուդ մէջ մակըրդի
Կաթը՝ արծաթ, դալն՝ ոսկի:

Ափ մը ցորեան, ափ մը ցորեան
Ա՜յ իմ պառաւ, ա՜յ իմ Աննա,
Մեր գըլխուն ալ թող որ տեղայ մօտեցնէ,
Նուռի ծաղիկներ երկինք նայեցէք.
Ձեր վրայ հոսողն աստղերու սէրն է:

Ազնիւ հոգիներ, ի՞նչ կ’երազէք դուք.
Կեանքը ձեր գլխուն կը դընէ պըսակ,
Ճերմակ հոգիներ, իրար փարեցէք,
Կը ծաղկի Յոյսը ձեր լանջքերուն տակ:

Կ. Պոլիս, 1 օգոստ.

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...