17
Mar
10-ամեայ Արմէն Պետրոսեան փրկած է ջրանցքի մը մէջ յայտնուած մարդու մը կեանքը
Արմաւիրի մարզի Արգինա գիւղի 10-ամեայ Արմէն Պետրոսեան, քաջաբար փրկած է Թալինի մայր ջրանցքին մէջ յայտնուած մարդու մը կեանքը:
Այսօր Արմէնը՝ անգնահատելի սխրանքի համար, արժանացած է պատուոգիրի: «Քաջ սիրտ» համառուսական հասարակական կազմակերպութիւնը անոր շնորհած է նաեւ խիզախութեան մետալ եւ վկայագիր: