06
Mar
2 Աշակերտ Մինչեւ Փրկարարներու Ժամանումը Կանխած են Հրդեհի Վտանգը
Մարտ 3-ին վթար մը գրանցուած է Լոռի մարզին մէջ: Mercedes-ը դուրս ելլած է ճանապարհի երթեւեկելի գօտիէն, բախած կամուրջի երկաթեայ ճաղավանդակներուն եւ յայտնուած Տանձուտ գետի մէջ:
Վանաձորի թիւ 1 հիմնական դպրոցի 8-րդ Բ. դասարանի աշակերտներ՝ Էդիկ Ղարաքէշիշեանն եւ Էտմոն Քոչարեանը, գտնուելով վթարի վայրը, մինչ փրկարարներուն ժամանումը, ուղղած են մեքենան, կանխած հրդեհի վտանգը եւ տուժողներուն առաջին օգնութիւն ցուցաբերած: