20
Feb

«ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ»-ը Երկու Տարեկան է

2017 թուականի Փետրուար 21-ին՝ լեզուի տօնին առիթով, նախաձեռնութեամբ www.yerakouyn.com արեւմտահայերէն կայքի հիմնադիրներուն եւ աջակցութեամբ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան, տեղի ունեցաւ արեւմտահայերէն մանկապատանեկան համապարփակ առաջին կայքի (armlands.com)  Հայկաշխարհի շնորհանդէսը։Կայքը հանրութեան հասանելի դարձաւ Սեպտեմբեր 21-ին, այդ մասին յայտնեց Հանրային հեռուստատեսութիւնը։
Ստեղծման օրէն Հայկաշխարհը դարձաւ Սփիւռքի բազմաթիւ երեխաներու սիրելի կայքը, ուսուցիչներու համար տեղեկատուական պատրաստ աղբիւր, ստեղծագործ պատանիներուն համար արարելու խթան եւ դպրոցներու գործունէութեան մասին տեղեկացնող հարթակ։
Կամաւոր աշխատանքով կեանքի կոչուած այս ծրագիրը պիտի շարունակէ իր երթը՝ առաւել տարածուելու, իր գիտելիքներու  շտեմարանը առաւել հարստացնելու եւ կայքը առաւել գրաւիչ դարձնելու վճռակամութեամբ՝ յոյս ունենալով, որ կը գտնուին աջակիցներ, որոնք կը կարեւորեն մեր տարած աշխատանքը եւ իրենց ներդրումը կ’ունենան այս ծրագիրը առաւել զարգացնելու գործին մէջ։

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...