21
Feb

Կայացաւ Հայկաշխարհ կայքի ստեղծման շնորհանդէսը…

Նախաձեռնութեամբ www.yerakouyn.com արեւմտահայերէն կայքի հիմնադիրներուն եւ աջակցութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Փետրուար 21-ին՝ Մայրենիի օրուան առիթով՝ տեղի ունեցաւ «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան համապարփակ առաջին կայքի (armlands.com) ստեղծման շնորհանդէսը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Նախարար Յակոբեան անդրադարձաւ նորաստեղծ «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքին՝ ըսելով,-«Արեւմտահայերէն առաջին մանկապատանեկան կայքի ստեղծման միտքը հայրենադարձներու դուստր, այժմ 9-ամեայ Արեգի Տաղլեանինն է, երբ ան դեռ 7 տարեկան էր։ Անոր խնդրանքով՝ իր մայրը՝ «Եռագոյն» կայքի համահիմնադիր Նայիրի Մկրտիչեանը, Սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ, կեանքի կոչեց «Armlands.com» կայքը: «Հայկաշխարհ»-ը նպատակ ունի դառնալու աշխարհի բոլոր մանկական կայքերուն եւ տպագիր թերթերուն շտեմարանը»։ Նախարարը ընդգծեց, որ կայքի կայացման համար անհրաժեշտ է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մանուկներու, պատանիներու,  ուսուցիչներու եւ մանկական թերթերու աջակցութիւնը։

Կայքին կառուցուածքն ու բաժինները ներկայացուց «Եռագոյն» արեւմտահայերէն եւ «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքերու համահիմնադիր Նայիրի Մկրտիչեանը: Ան նշեց, որ կայքը կը ներառէ փոքրիկներու անկիւն (4-8 տարեկաններու համար), մանկապատանեկան, ժամանցային, նորութիւններու բաժիններ, շտեմարան, խօսակցելու բաժին եւ այլն (9-16 տարեկաններու հտամար): «Արդէն սկսած են այլ մանկապատանեկան թերթերու հետ աշխատանքները եւ համագործակցութիւնը: Կարծեմ Հայկաշխարհի «բնակիչներուն» առաւելաբար պիտի հետաքրքրէ «Մենք» բաժինը, ուր պիտի տեղադրուին անոնց ստեղծագործութիւնները, իրենց քաղաքներու, դպրոցներու եւ համայնքի մասին իրենց նախաձեռնութեամբ նկարահանուած նիւթերը:»,- նշեց Ն. Մկրտիչեան:

Հայկաշխարհ կայքի ստեղծման շնորհանդէսը եզրափակուեցաւ «Արեւի մարդիկ» երգին կատարումով. Երգը կատարեցին Երեւանի Եւրոպական դպրոցի 4-րդ դասարանի աշակերտները՝ Արեգին եւ իր ընկերները:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...