08
Jun

Արցախի Դպրոցներուն Մէջ Պիտի Դասաւանդուի «Ազգային Երգ ու Պար» Նիւթը

Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւն համաձայնութիւն տուած է «Ազգային երգ ու պար» նիւթի ուսուցումը դպրոցական ծրագիրին մէջ ներառելու:

Արցախի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան նշած է, որ այս տարուան Սեպտեմբերէն Արցախի կարգ մը դպրոցներու մէջ պիտի դասաւանդուի «Ազգային երգ ու պար» նիւթը:

«Ամառուան ընթացքին ուսուցիչները պիտի վերապատրաստուին, որպէսզի դասի ժամանակ կարենան աշակերտներուն լիարժէք մատուցել դասը»,- ըսած է Ն. Աղաբլեան եւ ընդգծած, որ ծրագրի նպատակն է մատաղ սերունդին ազգային արժէքներով դաստիարակելը ու արմատներուն մօտ պահելը:

Արցախի Կրթութեան եւ գիռութեան նախարար Սլաւայ Ասրեան նշած է, որ նոր նիւթը փորձնական պիտի դասաւանդուի դպրոցներու 5-7-րդ դասարաններու աշակերտներուն:

Leave a Reply

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...