13
Jun

Հայաստանի Աշակերտուհիներու Բջջային Յաւելուածը` Համաշխարհային Մրցոյթի Յաղթող

2017-ին Հայաստան առաջին անգամ մասնակցած է Technovation Challenge միջազգային մրցոյթին: Կարբիի դպրոցի One Step Ahead աւագ խումբը «Կրթութիւն» անուանակարգին մէջ յաղթած է Armenian Sign Language յաւելուածով: Խումբը Օգոստոսին պիտի մասնակցի Միացեալ Նահանգներու Սիլիքոնեան հովիտին մէջ Համաշխարհային գագաթնաժողովին եւ պիտի ստանայ իր մրցանակը:

Technovation Armenia ծրագիրի կիսաեզարփակիչ անցած 22 խումբէն ժիւրին իբրեւ Հայաստանեան մրցոյթի յաղթող ընտրեց վեց խումբ` երեք աւագ եւ երեք կրտսեր խումբերէ: Վեց խումբերէն միջազգային կիսաեզրափակիչ մրցոյթին մասնակցած են մէկ աւագ եւ երկու կրտսեր խումբեր: Կարբիի դպրոցի One Step Ahead աւագ խումբը, միջազգային կիսաեզրափակիչի ընթացքին մրցելով աշխարհի 27 երկրէ ներկայացուած 99 խումբի հետ, «Կրթութիւն» անուանակարգին մէջ յաղթած է Armenian Sign Language յաւելուածով:

Այս տարի Հայաստանի դպրոցներու 10-էն 18 տարեկան աշակերտուհիները հնարաւորութիւն ունեցան մասնակցելու աշխարհի մեծագոյն արհեստագիտութեան ձեռներէցութեան Technovation ծրագրին:

Ծրագիրը կը նախատեսէր 12 շաբաթեայ ուսուցում: Ուսուցման ընթացքին աղջիկները սորվեցան բացայայտել, վեր հանել որեւէ ընկերային խնդիր իրենց համայնքին մէջ, եւ պատրաստել բջջային յաւելուած` լուծելու այդ խնդիրը:

Մօտ 11.000 աշակերտուհի, աւելի քան 100 երկրէ մասնակցած են Technovation 2017 ծրագրին:Հայաստանէն մասնակցած է 214 աշակերտուհի, ձեւաւորուած է 36 խումբ, Հայաստանեան մրցոյթի կիսաեզրափակիչ հասած են 22 խումբ:

Technovation Armenia ծրագրի տարածաշրջանային դեսպանն էր «Կանայք եւ տեղեկատուական հասարակութիւնը» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Նարինէ Աբազեանը:

Leave a Reply

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...