Արցախցի Շախմատիստը 2 Անգամ Պարտութեան Մատնած է Ատրպէյճանցի Մասնակիցը
Յունուար 25-էն Փետրուար 5 Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած միջազգային շախմատի 15-րդ մրցաշարին մասնակցած են նաեւ արցախցի Ալէքս եւ Սեւակ Մանուկեանները:
Արցախցի շախմատիստը միջազգային մրցաշարին երկու անգամ պարտութեան մատնած է ատրպէյճանցի մասնակիցը։
15-ամեայ Ալէքս Մանուկեան ըսած է, որ իր տարիքային խումբին մէջ ընդրկուած էին աշխարհի տասնեակ երկրներէ շուրջ 350 հոգի:
Ըստ Ալէքսի՝ Յունուար 28-ին տեղի ունեցած շախմատային խաղի ժամանակ իր մրցակիցը եղած է ատրպէյճանցի:
«Խաղը անցած է բաւականին լարուած. իւրաքանչիւր քայլ կատարելէն ետք լուրջ կը մտածէի, որ յանկարծ չսխալիմ: Յամառ պայքարին ես կրցայ յաղթել իմ մրցակցիս: Իմ յաղթանակս նուիրած եմ Հայոց բանակի կազմաւորման 27-րդ տարեդարձին: Յունուար 30-ին երկրորդ անգամ կրկին մրցած եմ ատրպէյճանցիի հետ եւ դարձեալ յաղթանակ արձանագրած»,-ըսած է Ա. Մանուկեան եւ նշած, որ իր յաղթանակներուն համար ինքը շնորհակալ է մարզիչ Հովիկ Հայրապետեանին: