14
Sep

Ամերիկահայ 7-ամեայ Արէն Էմրիկեան` Ճատրակի Աշխարհի Ախոյեան

Ամերիկահայ 7-ամեայ Արեն Էմրիկեան, որ Շիքակոյէն է, դարձած է ճատրակի աշխարհի ախոյեան մինչեւ 8 տարեկան երեխաներու տարիքային խումբին մէջ:

«7-ամեայ Արէնը Սեպտեմբեր 1-ը դիմաւորեց որպէս աշխարհի ախոյեան: Էմրիկեան 11 խաղի մասնակցած է եւ կրցած է բոլորէն շատ միաւորներ հաւաքել աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցած է Պրազիլի մէջ»,- կը յայտնէ «Փանարմինիըն»-ը՝ Chicago Tribune-ի վրայ յղում ընելով:

Պարբերականը կը նշէ, որ Արէնը սկսած է ճատրակ խաղալ իր մայրիկին շնորհիւ, որ նկատած է, թէ երեխան յակում ունի այդ մարզաձեւին հանդէպ:

«Ես ամէն օր 1,5 ժամ փորձ կ՛ընէի: Մայրիկս արդէն միշտ կը պարտուի ինծմէ, իսկ հայրիկիս հետ խաղալը աւելի հետաքրքրական է: Ես կրնամ 4-5 քայլ առաջ մտածել եւ չեմ սիրեր պաշտպանուիլ: Յարձակման դիմելով խաղս աւելի յաջող կ՛ընթանայ»,-ըսած է Արէնը ամերիկեան պարբերականին:

Մանուկ ախոյեանը այժմ յամառօրէն կը մարզուի եւ կը պատրաստուի յաջորդ մրցումներուն:

16-ամեայ Սամուէլ Սեւեանը Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի ախոյեան է:

Leave a Reply

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...