28
Sep
Լիբանանահայ Աւետիս Սերոբեան Հանդիսացաւ Ուու-Շու-ի Աշխարհի Ախոյեան
Լիբանանահայ մարզիկ, մարզիչ եւ միջազգային իրաւարար Աւետիս Սերոբեան անգամ մը եւս եկաւ բարձր պահելու Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան անունը, երբ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Ուու-շուի աշխարհի ախոյեան: Ուու-շուի այս ախոյեանութեան մրցումները տեղի ունեցան Չինաստանի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ» օրաթերթը։
Ան յաջողեցաւ գերազանցել շուրջ 15 մարզիկներ, որոնց մեծ մասը կը մարզուի Չինաստանի մէջ:
Վիգէն Տեմիրճեան հանդիսացաւ երկրորդ, մինչ այլ լիբանանցի մը` Հիամ Ժարուշ գրաւեց երրորդ դիրքը:
Այս առիթով Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու-շուի ֆետերասիոնը շնորհաւորեց լիբանանցի մարզիկներուն ձեռք ձգած այս բացառիկ իրագործումը: