29
Sep

Գանատայի մէջ պիտի սկսի գործել Հայեցի դաստիարակութեան կեդրոնական մարմինը

Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային վարչութեան եւ համագործակցութեամբ ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէին, շաբաթ, 4 մարտ 2017-ին, առաջնորդարանի դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ հայեցի դաստիարակութեան նուիրուած խորհրդաժողով մը, մասնակցութեամբ՝ Ազգային վարչութեան, ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէին, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, Հայ օգնութեան միութեան եւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան շրջանային վարչութիւններուն, Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ եւ ինչպէս նաեւ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի կրթական մարմիններուն, տնօրէններուն եւ հայեցի դաստիարակութեան պատասխանատուներուն։

Համագանատական մակարդակի վրայ գումարուած սոյն խորհրդաժողովը նախ քննարկեց «հայեցի դաստիարակութիւն» հասկացութիւնը ու առկայ դժուարութիւնները, ապա որոշեց կեանքի կոչել կեդրոնական մարմին մը, ուսումնասիրելու ընդհանրապէս հայեցի կրթութեան ու մասնաւորապէս հայերէն լեզուի ուսուցման խնդիրները՝ Գանատայի առանձնայատկութիւններու հիման վրայ եւ գործնական որոշումներու յանգելու համար, որպէսզի ազդու կերպով կարենանք դիմագրաւել այսօրուան մեր մարտահրաւէրները։

Ազգային վարչութեան, ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէին ու երեք միութիւններու շրջանային վարչութիւններուն կողմէ նշանակուեցաւ Հայեցի դաստիարակութեան կեդրոնական մարմինը՝ բաղկացած տիկին Մարալ Հասըրճեանէ եւ տեարք Վրէժ-Արմէն Արթինեանէ, Հայկ Աֆարեանէ, Սեւակ Գիւփէլեանէ եւ Վիգէն Թիւֆէնքճեանէ, ու իր անդրանիկ հանդիպումը գումարեց 19 օգոստոս 2017-ին, ազգային առաջնորդարանէն ներս, իր օրակարգին վրայ ունենալով առաջին հերթին հետեւեալ կէտերը.

  • «Հայեցի»-ի բանաձեւումը,
  • Հայեցի դաստիարակութեան եւ հայերէնի ուսուցման մակարդակի ներկայ վիճակի քննարկումն ու բարելաւման միջոցները,
  • Մեր ամէնօրեայ ու միօրեայ վարժարաններուն համար հայերէնի ուսուցիչներ պատրաստելու, ինչպէս նաեւ պաշտօնավարող ուսուցիչներու վերաորակաւորման նպաստելու առաջադրանքները,
  • Հայեցի ուսումնական աշխատանքի համադրումը,
  • Հայեցի կեանքի զարգացումը արտադպրոցական մակարդակի վրայ։

Այս մարմինի գործունէութիւնը պիտի զարգանայ գործակցութեամբ բոլոր կրթական հաստատութիւններու պատկան մարմիններուն, տնօրէնութեանց ու անձնակազմերուն, ինչպէս նաեւ մեր կազմակերպութիւններուն, որոնց հետ պիտի մշակուին յառաջիկայ աշխատանքները։ Հայեցի դաստիարակութեան կեդրոնական մարմինը մօտ ատենէն կապ պիտի հաստատէ բոլորին հետ, եւ առ այդ կոչ կ’ուղղենք բոլորին, որ անվերապահ կերպով աջակցին անոր՝ յանուն հայեցի դաստիարակութեան վերելքին։

Գանատայի Հայոց թեմի ազգային առաջնորդարան

ՀՅԴ Գանատայի կեդրոնական կոմիտէ

Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութիւն

ՀՄԸՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութիւն

ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութիւն

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...