29
Sep

18-ամեայ Քարինա Մովսէսեանը` Եւրոմիութեան Լաւագոյն Երիտասարդ Գիտնական

«Եւրամիութեան լաւագոյն երիտասարդ գիտնական» (European Union Contest for Young Scientists) 29-րդ մրցոյթին յաղթած է 18-ամեայ հայ ուսանողուհի Քարինա Մովսէսեանը՝ Չեխիայէն:

Նախապէս ան արդէն 3 հեղինակաւոր մրցանակ ստացած է Լոս Անճելըսի մէջ DNA կենսատարրաբանութեան եւ RAD51 փրոթէինի վերաբերեալ իր աշխատանքին համար, որ պէտք է նպաստէ քաղցկեղային բջիջներու բուժման: Քարինա Մովսէսեան մեքանիզմ մը յայտնաբերած է, որ կրնայ կանխել քաղցկեղային ուռուցքի զարգացումը, կը գրէ «Փանարմինիըն»-ը՝ վկայակոչելով «Պրահայի էքսփրես»-ը:

2017-ին մրցոյթը տեղի կ՛ունենայ Թալլինի մէջ, որուն մասնակցած է ԵՄ 120 երիտասարդ գիտնական:

Յաղթողները կը ստանան 3.500-7000 եւրօ եւ կրնան իբրեւ հայցորդ ներկայանալ միջազգային հետազօտական կազմակերպութիւններ, ինչպիսիք են Միջազգային տնտեսական գործակալութիւնը եւ Միջուկային հետազօտութիւններու եւրոպական կազմակերպութիւնը:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...