29
Sep
Արարատի Նկարները` Տիեզերքէն
Ռուս տիեզերագնաց Սերկէյ Րեազանսքին թուիթըրի իր էջին մէջ հրապարակած է Արարատ լերան նկարները:
42-ամեայ Սերկէյ Րեազանսքին, որ 2017-ի Յուլիս 27-էն Միջազգային տիեզերական կայանի հրամանատարն է, պարբերաբար լուսանկարներ կը հրապարակէ Երկիր մոլորակի տարբեր անկիւններէն, կը հաղորդէ “Մեդիամասք”-ը:
Լուսանկարները՝ Սերկէյ Րեազանսքին