29
Sep
Լիանա Գիւրճեանը Երեք Ոսկի Մետալ Նուաճած է Եւրոպայի Առաջնութեան
Քոսովոյի մայրաքաղաքին մէջ շարունակուող ծանրամարտի Եւրոպայի պատանեկան առաջնութեեան, երէկ, պայքարը սկսած են Հայաստանի աղջիկները: Այս մասին կը յայտնէ ՀԱՈԿ-ի պաշտօնական կայքը:
15 տարեկաններու մրցավէճին՝ 69 քկ քաշային կարգի մէջ՝ Լիանա Գիւրճեանը մէկ գլուխ բարձր եղած է բոլոր մրցակիցներէն:
Հայ աղջնակը մէկ օրուան ընթացքին նուաճած է երեք ոսկի մետալ, երկամարտին` 183 քկ, պոկում վարժութեան` 78 քկ եւ հրումի` 105 քկ ցուցանիշով: