Աշխարհի Մէջ Ուքիփետիայի Ամենամեծ Լոկոն Սեւանայ Լիճի Յատակին է
Սեպտեմբեր 29-ին «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի եւ «Արմտայվինկ սուզորդներու ակումբ»-ի ջանքերով Ոիիքիփետիա ազատ հանրագիտարանի լոկոն (logo) տեղադրուեցաւ Սեւանայ լիճի յատակին, կը հաղորդէ «Մեդիամաքս»-ը:
2 մեթր բարձրութիւն եւ 2 մեթր լայնութիւն ունեցող այս լոկոն, որ կը համարուի ամենամեծը աշխարհի մէջ, պատրաստուած էր Հայաստանի մէջ` 2016 թուականի Օգոստոսին Դիլիջանի մէջ կայացած Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու Ուիքիմետիա կազմակերպութիւններու եւ խումբերու ամենամեայ համաժողովին` Wikimedia CEE Meeting-ի համար:
Լոկոն փոքր կտորներէ բաղկացած անաւարտ երկրագունդ է, որուն վրայ գրուած են խորհրդանշաններ (որոնց մէջ` հայերէն Վ տառը)` վերցուած տարբեր նշանային համակարգերէ: Կրաձոյլէ պատրաստուած լոկոն Սեւանի յատակին պիտի դառնայ արհեստական խութ:
Լոկոյի պատրաստման գաղափարը յղացած եւ իրականացուցած է «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի խորհուրդի անդամ Տիգրան Ազիզբեկեանը, որ նաեւ «Արմտայվինկ սուզորդներու ակումբ»-ի նախագահն է: