Արամ Գուրզադեանը Գիտական Ոլորտի Նոր Բացայայտումներէն Մէկն է
Ռուս գիտնականները հանճար կը համարեն Հայ-ռուսական համալսարանի մագիստրոս Արամ Գուրզադեանը, որ Նիժնի Նովգորոդի մէջ կայացած համառուսական ուսանողական «Ապագայի գիտութիւնը երիտասարդներու գիտութիւնն է» անուանումը կրող գիտա-հետազօտական աշխատանքներու մրցոյթին զբաղեցուցած է առաջին տեղը:
«Մենք յայտնաբերած ենք միանգամայն հանճարեղ տղայ մը Հայ- ռուսական համալսարանէն ՝ Արամ Գուրզադեանը, որ եկած է Հայաստանէն: Ան ազատօրէն կը տիրապետէ ռուսերէնին եւ անգլերէնին: Արամը արդէն ընդունուած է Քեմպրիջ: Ան ապագայ շատ վառ աստղ է»,- այսպէս բնութագրած է Հայաստանէն ժամանած երիտասարդ գիտնականին համաշխարհային ճանաչում ունեցող ֆիզիկոս-մաթեմատիկոս, Սաութգեմփթօնի համալսարանի փրոֆէսըր (Մեծ Բրիտանիա) Ալեքսէյ Կաւոկինը:
Արամ Գուրզադեանը պատմած է, որ դեռ դպրոցական տարիներուն ան հետաքրքրուած է գիտութեամբ եւ միշտ ձգտած է աւելի լաւ հասկանալ կեանքն ու բնութեան օրէնքները:
աղբիւր՝ www.news.gisher.ru