05
Oct
Քուէյթի Ազգային Վարժարանը նշեց Ուսուցչաց Տօնը
Հինգշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2017ին Քուէյթի Ազգային Վարժարանը նշեց Ուսուցչաց Տօնը, ուր գեղարուեստական պատշաճ յայտագրով մը աշակերտները երախտիքի խօսքեր արտասանեցին եւ մեծարեցին ուսուցիչը։
Աւարտին, Վարժարանիս Տնօրէնը իր սրտի խօսքով վեր առաւ ուսուցիչին հսկայ զոհողութիւնն ու ճիգը՝ լաւ մարդ, լաւ հայ եւ կրթուած սերունդ մը պատրաստելու տեսլականով։ Ապա անդրադառնալով այս նիւթականացած աշխարհին հաստատեց, որ կրթական մշակներուն գործը պարզ ասպարէզ մը չէ, եւ անոնց հատուցումը միայն …հոգեկան բաւարարութիւնն է։ Ապա շնորհաւորեց անոնց տօնը եւ թելադրեց յաւելեալ ճիգով ու յանձնարարութեամբ շարունակելու իրենց առաքելութիւնը։