12
Oct

Ընկոյզն Ու Ընկոյզի Փառատօնը (լուսանկարներ)

Յունական ընկոյզի մասին յիշատակումներ եղած են աւելի քան 4 հազար տարի առաջ: Դեռ Հիպոկրատը խորհուրդ տուած է ընկոյզ ուտել ստամոքսացաւի, ուղեղի, սրտի, լէարդի ու երիկամներու աշխատանքի բարելաւման համար: Հերոդոտոսը խորհուրդ  տուած է ընկոյզ ուտել կենսական ուժերը կրկնապատկելու համար: Հին Բաբելոնի մէջ հասարակ մարդոց արգիած են ընկոյզ գործածել: Արեւելեան բժշկութիւնը կը համարէ, որ ընկոյզը կ’ամրապնդէ է սիրտն ու լէարդը: Կանոնաւոր եւ նոյնիսկ քիչ քանակութեամբ գործածելը, էական դրական ազդեցութիւն կ’ունեիայ յիշողութեան վրայ ու մտածողութեան գործընթացը կը  վերականգնէ։

Հայաստանի մէջ Տաւուշի, Լոռիի, Արարատի, Վայոց ձորի, Սիւնիքի, այլ մարզերու եւ Արցախի մէջ տարածուած է սովորական ընկուզենին (գրանցուած է ՀՀ Կարմիր գրքի մէջ) կ’աճի քարքարոտ տաք լանջերու, այգիներու մէջ:

Շատ արժէքաւոր է ընկուզենիի ամուր, ճկուն, լաւ յղկուող բնափայտը, որ կ’օգտագործուի ատաղձագործութեան եւ շինարարութեան մէջ՝ բարձրորակ կահոյք, նրբատախտակ եւ այլ արտադրանք պատրաստելու համար:

Ընկուզենին երկարակեաց է. Կ’ապրի 300-400 տարի:

Աշտարակի փողոցներու երկայնքով  կանգնած են տարիքն առած ընկուզենիներ, որոնց շնորհիւ ալ  յայտնի է դարձած է Աշտարակի պոպոքը:  Այնտեղ ընկուզենիները Հոկտեմբերի վերջը կը սկսին թափ տալ: Շատերու համար այդ գործընթացը լաւ ընտանեկան աւանդոյթ է:

Ընկոյզն ու ընկուզենին յիշատակուած են հայ գրականութեան ու երգերու մէջ։

Հինգ տարի է Աշտարակի մէջ կը կազմակերպուի պոպոքի (ընկոյզի) փառատօն, զոր նախաձեռնած են հայրենադարձ սփիւռքահայեր՝ Փիեր Պաղտատեանի գլխաւորութեամբ։ Այս տարի կայացած փառատօնը կը ներկայացնենք լուսանկարներով։

           

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...